Լաս Վեկասի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցող ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Միհրան Յարութիւնեան 6-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով ռուս Արտեոմ Սուրքովէն, մնաց առանց մետալի:
ArmSport.am յայտնեց, որ երէկ իրաւարարներու խումբը, որ այս ճակատումին հսկեց, որակազրկուեցաւ:
Այդ որակազրկուած իրաւարարներն են` ֆրանսացի Ռեկին Լեկլօ, մարոքցի Նորետին Մոսաֆան, եգիպտացի Ատել Մուսթաֆա, ճափոնցի Օսամու Սայիտօ եւ խրուաթ Զվենքօ Օսիչ: