Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն կը հիւրընկալէ Պորտոն:
Մայրաքաղաքի կազմը ոչ միայն ցարդ իր կատարած չորս մրցումներուն բոլորին ալ յաղթանակ արձանագրած է եւ ապահոված առաւելագոյն 12 կէտը, այլ նաեւ` ցարդ ոչ մէկ կոլ ստացած է իր բերդին մէջ:
Պորտօ 5 կէտով կը գրաւէ 10-րդ դիրքը:
Այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 21:30-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Սպանիոյ ֆութպոլի 3-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, այսօր նոյն ժամուն Լեվանթէ կը հիւրընկալէ Սեւիլլան:
Այսօրուան յայտագիրին վրայ կայ նաեւ երրորդ մրցում մըն ալ, երբ միեւնոյն ժամուն Պորուսիա Մէօնշընկլատպախ կը հիւրընկալէ Համպուրկը` «Պունտըսլիկա»-ի 4-րդ հանգրուանի բացման մրցումին: