
26 փետրուար 2016-ին տեղի պիտի ունեան ՖԻՖԱ-ի նախագահական ընտրութիւնները:
Յորդանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ իշխան Ալի Պըն Հիւսէյն, որ չորս ամիս առաջ` մայիսին տեղի ունեցած ՖԻՖԱ-ի նախագահական ընտրութիւններուն պարտուեցաւ Սեփ Պլեթըրէն, դարձեալ առաջադրեց իր թեկնածութիւնը, յայտնեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
39 տարեկան իշխան Ալի Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ մամլոյ ասուիս մը տալով ըսաւ. «Կու գամ անգամ մը եւս առաջադրելու իմ թեկնածութիւնս: Այն ինչ որ սկսայ, կ՛ուզեմ աւարտել: Բաւական երկար մտածեցի այս գծով, բայց եկայ այն եզրակացութեան, որ պէտք չէ կանգ առնեմ եւ շարունակեմ»:
Նշենք, որ իշխան Ալիէն բացի, իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած են նաեւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախագահ Միշել Փլաթինի եւ Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախկին փոխնախագահ, հարաւային քորէացի Սհունկ Մոնկ-Ժուն: