ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Քրոս Քաունթրիի Շաբաթավերջը
Կիրակի, 8 յունիս 2025-ին, առաւօտեան ժամը 7:15-ին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտէն ընթացք առաւ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի 90-ամեակի տօնակատարութիւններուն ծիրին մէջ կազմակերպուած Քրոս Քաունթրիի տարիքային մրցաշարքը: Կանուխ առաւօտեան 43 մասնակիցները արդէն կը գտնուէին դաշտ եւ կը կատարէին իրենց փորձերը, ապա իւրաքանչիւրին յանձնուեցան իրենց թիւերը, եւ սկսաւ մրցաշարքը, որ կ՛ընդգրկէր տասնչորս տարեկանէն վեր եւ վար աղջիկներու եւ տղոց բաժանմունքներ: Մարզիկները անցան...




















