Արժանթինի ֆութպոլի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Փլաթենսէ շահեցաւ երկրի ախոյեանի տիտղոսը` փլէյ-օֆի աւարտականին պարտութեան մատնելէ ետք Հուրաքանը 1-0 արդիւնքով:
120 տարեկան Աթլեթիքօ Փլաթենսէ, որ անցեալ տարեշրջանին 6-րդ դիրքը գրաւած էր, կը մարզեն Ֆաւիօ Օրսի եւ Սերխիօ Կոմես:
Փլէյ-օֆի իր առաջին մրցումին, Փլաթենսէ նաեւ դուրս ձգեց Հարաւային Ամերիկայի բաժակակիր Ռասինկը, ապա հանդիպեցաւ Արժանթինի ամէնէն շատ ախոյեան դարձած (38 անգամ) Ռիվըր Փլէյթին եւ զայն փենալթիներով դուրս ձգեց:
Կիսաւարտականին մրցակիցը Սան Լորենցոն էր, իսկ աւարտականին շնորհիւ Մայներոյի կոլին Փլաթենսէ կրցաւ ախոյեան դառնալ:
Նշենք, որ մինչեւ 2021 Փլաթենսէ միշտ ալ եղած էր Բ. դասակարգի խումբ, բայց վերջերս ինքզինք փաստեց, թէ կրնայ դառնալ ախոյեան: