«Էն. Պի. Էյ.»-ի աւարտական ճակատումները սկսան շաբաթավերջին, եւ Օքլահոմա Սիթի Թանտըր առաջին մրցումին պարտուելէ ետք իր դաշտին վրայ երէկ առաւօտ կրցաւ իր համակիրները ուրախ պահել եւ հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրել:
Առաջին մրցումին Ինտիանա Փէյսըրզ 25 թըրն օվըր ըրած էր, ան 15 կէտով կը պարտուէր եւ վերջին վայրկեանին կրցած էր յաղթել Թայրիս Հալիպըրթընի 3 կէտնոց կողովին շնորհիւ: Թայլիս 14 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգած էր:
Երէկ Օքլահոմա նոյն ձեւով յառաջացաւ, բայց այս անգամ կրցաւ պահել իր առաւելութիւնը: Ինչպէս իր նախկին փլէյ օֆի մրցումներուն, Օքլահոմա կարծեմ պէտք էր մրցում մը պարտուէր, ապա իր իսկական ուժը փաստէր:
Շէյ Կիլճիըս Ալեքսանտրի առաջին կողովը իր 3 հազարերորդ կէտն էր այս տարեշրջանին: Ան մրցումի պահուն փլէյ օֆի այս տարուան մրցանիշը (514) բարելաւեց, վերջինս Նիւ Եորք Նիքսի Ճէյլըն Պրանսընի կը պատկանէր:
Այս տարուան «Էմ. Վի. Փի.» Շէյ Կիլճիըս Ալեքսանտր մրցումի աւարտին եղաւ իր խումբին հետ պատմութեան առաջին յաղթանակը կերտողներէն մէկը` աւարտականի ճակատումներուն:
Շէյ 34 կէտ նշանակեց, մինչ Ալեքս Քարուսօ 20 կէտ աւելցուց ճակատումները հաւասարեցնելով:
Այժմ ճակատումները կը շարունակեն Իտիանայի դաշտին մէջ, ուր 25 տարիէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Ինտիանափոլիս կը հիւրընկալէ աւարտական մրցում:


