Չորեքշաբթի գիշեր Փորթուգալի ազգային խումբը 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Գերմանիան, Միւնիխի մէջ:
Ազգերու լիկայի կիսաւարտականի գծով այս մրցումին Գերմանիա հակառակ մեծ թիւով բացականերուն բաւական լաւ մրցում ունեցաւ մինչեւ Բ. կիսախաղի սկիզբը, երբ Ֆլորիան Վիրց նշանակեց մրցումին առաջին կոլը: Գերմանիա այս կոլէն ետք զարմանալիօրէն նահանջեց, եւ կարծէք բաւարարուեցաւ առիթ տալով Փորթուգալին, որ յարձակի եւ բազմիցս վտանգէ Գերմանիոյ բերդը:
Եուվենթուսի յառաջապահ Ֆրանսիսքօ Քոնսեսաօ (63-րդ) եւ խմբապետ Քրիսթիանօ Ռօնալտօ (68-րդ վայրկեանին) նշանակեցին Փորթուգալի յաղթանակի կոլերը:
40 տարեկան Ռոնալտօ, որ իր խումբին հետ 2006-էն ի վեր պաշտօնական մրցումի չէր յաղթած Գերմանիոյ, վերջապէս իրականացուց իր երազը: