Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. Այս Կիրակի` Թատամոն Հարաժել – ՀՄԸՄ

Յունիս 6, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս կիրակի Թատամոն Հարաժելի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ պիտի կատարէ բնական տարեշրջանի իր վերջին մրցումը:

«Նուհատ Նաուֆալ» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը իր առաւելագոյնը պէտք է տայ յաղթելու Թատամոն Հարաժելին:

ՀՄԸՄ-ի համար շատ կարեւոր է այս մրցումը, մինչ Թատամոն, որ այժմ 10-րդ դիրքը կը գրաւէ, իր կարգին պիտի փորձէ խուսափիլ վերջին դիրքերէն:

Չորեքշաբթի գիշեր, Շիյահի իր դաշտին վրայ Պէյրութ Ֆըրսթ 90-86 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սաժեսը եւ հաստատեց ինքզինք Բ. դիրքին վրայ, Լիբանանի ախոյեանութեան աւարտէն մէկ հանգրուան առաջ:

Սաժեսի հետ իրենց առաջին ելոյթը ունեցան Սեքու Տումպույա եւ Թարիք Օուընզ: Տումպույա բաւական լաւ ելոյթ ունեցաւ, մինչ Օուընզի դերը աւելի երկրորդական կը թուի իբրեւ սենթըր: Զաք Լոֆթըն իր վերջին մրցումը կատարեց Սաժեսի հետ:

21 մրցումներէ ետք Ռիատի կը մնայ պարագլուխի դիրքին վրայ, մինչ Պէյրութ, Սաժես եւ Անթունիէ գրաւեցին 2-րդ, 3-րդ եւ 4-րդ դիրքերը:

5-րդ դիրքին ճակատագիրը ՀՄԸՄ-ի ձեռքն է, եւ անպայման յաղթանակ մը վերջին մրցումին` Թատամոն Հարաժելի դէմ, պիտի պարտադրէ 4-րդ դիրքի խումբին` Անթունիէի դէմ փլէյ-օֆի 4-րդ դիրքին համար մրցելու:

3 մրցումներէն 2 յաղթանակ արձանագրող խումբը պիտի գրաւէ 4-րդ վերջնական դիրքը: Ախոյեանութեան 22-րդ հանգրուանէն ետք 6-րդ, 7-րդ եւ 8-րդ դիրքերը գրաւող խումբերը կ՛աւարտեն իրենց եղանակը:

11-րդ եւ 12-րդ դիրքերը գրաւող խումբերը կը մրցին իրար դէմ, որմէ ետք Բ. դասակարգ կը փոխանցուի պարտուող խումբը:

9-րդ եւ 10-րդ դիրքերը գրաւող խումբերը կը մրցին իրար դէմ, որմէ ետք յաղթող խումբը կը գրաւէ 9-րդ դիրքը, իսկ պարտուող խումբը կը մրցի 11-12-րդ խումբերու ճակատումի յաղթականին դէմ` հաստատելու 10-րդ դիրքը գրաւող խումբը:

Պարտուող խումբը պիտի գրաւէ 11-րդ դիրքը եւ պիտի մրցի Բ. դասակարգի փոխախոյեանին դէմ 3 մրցումներու վրայ, եւ վերջնական յաղթականը կրնայ բարձրանալ կամ մնալ առաջին դասակարգ:

Վերջին հանգրուանի Ռիատի – Սաժես մրցումին թուականը որոշուած չէ տակաւին, մանաւանդ որ Ռիատի կը մեկնի Տուպայ` մասնակցելու Ասիոյ պասքեթպոլի «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքին, որ կը սկսի այսօր:

9 խումբեր կը մասնակցին Ասիոյ պասքեթպոլի «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումներուն, որոնք բաժնուած են 3 խմբակներու:

Ա. խմբակին մաս կը կազմեն Մոնկոլիոյ Պրոնքոզ խումբը, Իրանի Թապիաթը, եւ Չինաստանի Ժեճիանկ Կուանկշա Լայընզը: Բ. խմբակին մաս կը կազմեն Ֆիլիփեան կղզիներու Մերալքօ Պոլթցը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Շապապ Ահլին եւ Ճափոնի Ութսունոմիա Պրեքս խումբը:

Գ. խմբակին մաս կը կազմեն Ուասլի եւ Լիբանանի ախոյեան Ռիատին, Հարաւային Քորէայի Չանկուոն Սէյքըրզը եւ Թայուանի Թասոեուան Փաուիան Փայլըթցը:

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 90-Ամեակին Առիթով. Այս Կիրակի` Քրոս Քաունթրիի Եւ Փինկ Փոնկի Մրցումները

Յաջորդը

Քրեմլին. «Փութին Թրամփի Հետ Զրոյցի Ընթացքին Իսկապէս Ըսած Է, Որ Մոսկուան Պիտի Պատասխանէ Քիեւի Ռուսական Օդուժի Ռազմակայաններուն Վրայ Յարձակումին»

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Յաղթանակով (90-80) Սկսաւ Տարեշրջանը
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Յաղթանակով (90-80) Սկսաւ Տարեշրջանը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ճիւտօ.  Արզումանեան Ընտանիքէն Երկու Անդամներ Մետալներ Շահեցան
Մարզական

Ճիւտօ. Արզումանեան Ընտանիքէն Երկու Անդամներ Մետալներ Շահեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Բռնցքամարտ.  Օթար Երանոսեան Ախոյեան
Մարզական

Բռնցքամարտ. Օթար Երանոսեան Ախոյեան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?