Աշխարհի թիւ 361 թենիսվումըն Լոյիս Պուասոն կը շարունակէ իր փայլուն ելոյթները եւ երէկ, դուրս ձգելէ ետք ռուս Միրա Անտրէեւան, հասաւ «Ռոլան Կարոս»-ի թենիսի մրցաշարքի կիսաւարտական:
Ֆրանսացի Պուասոն (22 տարեկան), որ Դ. հանգրուանին դուրս ձգած էր ամերիկացի Ճեսիքա Փեկուլան, համակիրներուն քաջալերանքը վայելելով կը սուրայ դէպի կիսաւարտական: Ան 2 ժամ 10 վայրկեանի պէտք ունեցաւ 18 տարեկան Անտրէեւայի դէմ 7-6 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթելու:
Պուասոն կիսաւարտականին (այսօր) պիտի մրցի թիւ 2 թենիսվումըն Քոքօ Կաֆի դէմ (21 տարեկան), որ դժուար սկսելէ ետք կրցաւ դուրս ձգել իր ազգակից Մետիսըն Քիզը (թիւ 8)` 6-7, 6-4 եւ 6-1 արդիւնքով:
Տղոց կիսաւարտականի առաջին մրցումը իրար դէմ պիտի հանէ թիւ 2 թենիսմեն Քարլոս Ալքարասն ու թիւ 7 Լորենցօ Միւզեթթին (Իտալիա):
Սպանացի Ալքարաս առանց դժուարութեան պարտութեան մատնեց թիւ 12 Թոմի Փոլը (Միացեալ Նահանգներ)` 6-0, 6-1 եւ 6-4 արդիւնքով, մինչ Միւզեթթի 6-2, 4-6, 7-5 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթեց Ֆրանսիս Թիաֆոյի (Միացեալ Նահանգներ):