Սպանացի թենիսմեն Քարլոս Ալքարաս (թիւ 2) 2 սեթով ետ մնալէ ետք կրցաւ յաղթել թիւ 1 թենիսմեն Եաննիք Սինըրին` 5 ժամ 32 վայրկեան պայքարէ ետք:
6-4, 7-6, 4-6 եւ 5-3 արդիւնքով յառաջացած Սինըր 40-0 արդիւնքով կը յառաջանար եւ 3 առիթ ունէր մրցումը յաղթելու: Ալքարաս ոչ միայն «մեչ փոյնթ»-ները ազատեց, այլ վերադարձաւ յաղթելով 4-րդ սեթը 7-6 արդիւնքով: Վերջին սեթին Ալքարաս 5-4 արդիւնքով կը յաղթէր եւ սերվիսը իրեն հետ էր, ուր Սինըր ինքզինք գտաւ եւ մինչեւ թայ պրէյք պայքարեցաւ, իսկ սպանացի Ալքարաս շահեցաւ իր 5-րդ կրան շլեմը` 5 աւարտականներու:
Անցեալ տարի ալ Ալքարաս 2-1 սեթերու արդիւնքով ետ կը մնար գերմանացի Ալեքսանտր Զվերեւէն եւ կրցաւ յաղթել, մինչ 2023-ի «Ուիմպըլտըն»-ի աւարտականին ան կրցած էր յաղթել Նովաք Ճոքովիչին` 5 սեթերէ ետք:
Կիրակի օրուան Սինըրի դէմ յաղթանակը եղաւ «Ռոլան Կարոս»-ի պատմութեան ամէնէն երկար մրցումը, որուն ընթացքին Ալքարաս իր բարձր մակարդակի պայքարին եւ կամքին շնորհիւ յաղթեց: «Երբ ամէն ինչ ի վնաս քեզի է, պէտք է շարունակես պայքարիլ: Կրան շլեմի աւարտական է, եւ ժամանակ չկայ յոգնելու կամ յանձնուելու: Թէ աղուո՞ր բան է ատիկա, իսկական ախոյեանները այս մթնոլորտին համար կը ծնին», ըսաւ Ալքարաս:
Օր մը առաջ, աշխարհի թիւ 1 թենիսվումըն Արինա Սապալենքա իր կարգին առիթ մը շահելէ ետք (7-6) տեղի տուած էր թիւ 2 դասուած Քոքօ Կաֆի (Միացեալ Նահանգներ) դիմաց 6-2 եւ 6-4 արդիւնքով պարտուելով:


