Վեթերան թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչ չորեքշաբթի գիշեր 3 ժամ 20 վայրկեան պայքարէ ետք կրցաւ յաղթել թիւ 3 դասուած գերմանացի Ալեքսանտր Զվերեւին` 4-6, 6-3, 6-2 եւ 6-4 արդիւնքով:
Թիւ 6 դասուած Ճոքովիչի մրցակիցը կիսաւարտականին պիտի ըլլայ թիւ 1 թենիսմեն Եաննիք Սինըր, որ 6-1, 7-5 եւ 6-0 արդիւնքով դիւրին յաղթանակ մը տարաւ Ղազախստանի Ալեքսանտր Պուպլիքի վրայ:
Սինըր վերջերս միշտ ալ յաղթած է Ճոքովիչին, որ վերջին անգամ 2023-ի «Մասթըրզ»-ին կրցած էր յաղթել Սինըրին: Վերջին 5 ճակատումներուն Սինըր միշտ ալ կրցած է յաղթել իրմէ 15 տարի աւելի մեծ Ճոքովիչին, որ 38 տարեկան է: