Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպայի Լաւագոյնները

Յունիս 5, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպայի բոլոր երկիրներու ախոյեանութիւնները արդէն իսկ աւարտած են, եւ այժմ հաշիւներ կ՛ըլլան, թէ ո՛ր մարզիկները ամբողջ տարեշրջանին լաւագոյն արդիւնքները արձանագրած են եւ կայուն ելոյթներ ունեցած:

Բերդապահներու դիրքի վրայ Նիս ակումբի լեհ բերդապահ Մարչին Պուլքա բարձր մակարդակի ելոյթներ ունենալէ ետք կրցաւ օգնել իր ակումբին, որ գրաւէ «Լիկ 1»-ի 4-րդ դիրքը: Ան ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի դէմ երկու մրցումներուն 2 կոլ ստացաւ միայն զսպելով 20-է աւելի ստոյգ առիթներ:

Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի Պրենթֆորտ ակումբի նետերլանտցի բերդապահ Մարք Ֆլեքքեն իր կարգին բարձր մակարդակի տարեշրջան մը բոլորեց` գրաւելով տարուան լաւագոյն բերդապահներու երկրորդ դիրքը: Ֆլեքքեն անցեալ քանի մը օրերուն միացաւ Պայեր Լեւերքուզընին:

Յետսապահներու դիրքին վրայ ամէնէն յիշատակելի տարեշրջանը ունեցաւ Փարիզ Սեն Ժերմենի աջ պաշտպան մարոքցի Աշրաֆ Հաքիմի: Հաքիմի 25 մրցումներու ընթացքին 10 կոլերու մէջ մեծ դեր ունեցած էր` միջին հաշուով երկու վճռական փոխանցում կատարելով ամէն մրցումի:

37 տարեկանին տակաւին կը փայլի Պենֆիքայի արժանթինցի վեթերան կեդրոնի պաշտպան Նիքոլաս Օթամենտի: Ան ոչ միայն լաւ ձեւով պաշտպանեց, այլ նաեւ 6 կոլ նշանակեց Փորթուգալի փոխախոյեանին հետ` մնալով Արժանթինի ազգային խումբին հետ ալ:

Շատ բարձր մակարդակի ելոյթներ ունեցան նաեւ Փարիզ Սեն Ժերմենի ձախ ծայրի պաշտպան Նունօ Մենտեշ եւ Շթութկարթի մարզիկ Մաքսիմիլիան Միթելշթատ:

Միջնապահ գիծի վրայ վստահաբար տարուան ամէնէն շատ լսուած անունը Լամին Եամալն է: Անոր 9 կոլերը եւ 13 էսիսթները բաւարար չեն զինք գնահատելու, մանաւանդ որ ան դաշտի վրայ միշտ ներկայութիւն է եւ որեւէ պահու կրնայ անակնկալ հարուած մը ուղղել, փոխանցում մը կատարել կամ մրցակից մը խաբել:

Սպանիոյ մէջ այսքան հետաքրքրական ֆութպոլիստ մը չէր տեսած Լիոնել Մեսսիէն ի վեր:

Մայքըլ Օլիսէ կը նկատուի այս տարեշրջանի առաւելագոյն կէտեր ձեռք ձգած մարզիկը: Ան ոչ միայն փայլեցաւ Պայերն Միւնիխի հետ իր առաջին տարեշրջանին, այլ Ֆրանսայի ազգային խումբին հետ ալ: 23 տարեկանին կը նկատուի շատ փորձառու եւ ինքնավստահ, թէ՛ աջ ծայրի իր դիրքին, թէ՛ ալ թիւ 10 փլէյ մէյքըրի դիրքին վրայ փայլելով: Ան 27 կոլերու մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ` ստեղծելով 32 ոսկի առիթ` 34 մրցումներու ընթացքին:

Ժամալ Մոսսեալա հաւանաբար այս տարեշրջանին քիչ մը Օլիսէի եւ Հերի Քէյնի շուքին տակ մնաց, բայց ան իր առաջին եղանակին մարզիչ Վենսան Քոմփանիի հետ փայլուն տարեշրջան մը սկսաւ, որ սակայն լաւ ձեւով չաւարտեցաւ, երբ ան վիրաւորուեցաւ եւ մակարդակը համեմատաբար իջաւ:

Պէտք չէ մոռնալ Տանի Օլմոն (Պարսելոնա), Չաւի Սիմոնզը (Ռետ Պուլ Լայփցիկ) եւ Ֆլորիան Վերցը (Պայեր Լեւերքուզըն), որոնք շատ լաւ տարեշրջան մը ունեցան:

Յառաջապահ դիրքի վրայ, եգիպտացի Օմար Մարմուշ աներեւակայելի տարեշրջան մը սկսաւ Այնթրախթ Ֆրանքֆորթի հետ, ապա ձմեռնային փոխանցումներու ժամանակ Կուարտիոլա զինք Մանչեսթըր Սիթի բերաւ, ուր քիչ մը մակարդակը իջնելէ ետք բաւական լաւ ձեւով շարունակեց բոլորովին տարբեր ախոյեանութեան մէջ` արագօրէն վարժուելով նոր ակումբին հետ եւ դառնալով Սիթիի ամէնէն վտանգաւոր յառաջապահը, զինք դասելով Լիվըրփուլի մարզիկ Մոհամետ Սալահէն աւելի բարձր դիրքի վրայ:

Փորթուգալի Սփորթինկ Լիզպոն ակումբի շուէտացի յառաջապահ Վիքթոր Եոքերեշ այս ամրան վստահաբար պիտի միանայ եւրոպական լաւագոյն ակումբներէն մէկուն եւ պէտք ունի միայն նայելու անոր թիւերուն… գիտնալու պատճառը:

Ան Սփորթինկ Լիզպոնը առաջնորդեց Փորթուգալի ախոյեանութեան տիտղոս` նշանակելով 39 կոլ 33 մրցումներու ընթացքին: Ան մեծ թիւով կոլի առիթներ ալ ստեղծեց իր խմբակիցներուն համար: Այդ խումբը, որ զինք պիտի կարենայ ձեռք ձգել, ունեցած պիտի ըլլայ ամէնէն վտանգաւոր թիւ 9 մարզիկներէն մէկը:

Ուսման Տեմպելէ կը մնայ այս տարուան պալոն տ՛օրի թիւ 1 թեկնածուն, ոչ միայն Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ «Չեմփիընզ լիկ»-ը շահելուն համար:

Ան լաւապէս օգտուեցաւ իր նոր դիրքով` իբրեւ Փարիզի յառաջապահ, ուր ունեցաւ իր ասպարէզի լաւագոյն տարեշրջանը` տարիներով Պարսելոնայի հետ երկրորդական դեր ունենալէ ետք, ուր յաճախ կը վիրաւորուէր` իր իսկական մակարդակին վրայ կասկածներ ստեղծելով: Ան կոլ նշանակեց իր կատարած մրցումներուն 82 վայրկեաններէ ետք մոռցնելով Քիլիան Էմպափփէն:

Այս տարեշրջանին շատ լաւ ելոյթներ ունեցան նաեւ Մոհամետ Սալահ (Լիվըրփուլ), Հերի Քէյն (Պայերն Միւնիխ) եւ Վիքթոր Օսիմէն (Կալաթասարայ):

Նախորդը

ԼԵՄ-ի Կազմակերպութեամբ` «Արցախի Մշակութային Օր» Խորագիրով Միջդպրոցական Մրցում

Յաջորդը

Թենիս. Պուասոն Դուրս Ձգեց Անտրէեւան

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Պարժա
Մարզական

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Պարժա

Յուլիս 12, 2025
ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում.  Հայաստան 105-րդ Դիրքի Վրայ
Մարզական

ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում. Հայաստան 105-րդ Դիրքի Վրայ

Յուլիս 12, 2025
Եւրոպական Բաժակներ.  Հայկական Խումբերու Ելոյթները` Զտումի Մրցումներուն
Մարզական

Եւրոպական Բաժակներ. Հայկական Խումբերու Ելոյթները` Զտումի Մրցումներուն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?