Մարզական

Թենիս.  Այսօր` Զվերեւ – Ճոքովիչ

Թենիս. Այսօր` Զվերեւ – Ճոքովիչ

Թենիսի «Ռոլան Կարոս» մրցաշարքի մրցումները հասած են իրենց հետաքրքրական հանգրուաններուն, ներկայիս տեղի կ՛ունենան քառորդ աւարտականի մրցումները: Այսօր տղոց քառորդ աւարտականին գծով թիւ 3 դասուած գերմանացի Ալեքսանտր Զվերեւ պիտի մրցի սերպ վեթերան Նովաք Ճոքովիչի դէմ: Զվերեւ Դ. հանգրուանին հազիւ 54 վայրկեան խաղցած էր նետերլանտցի Թալոն Կրիքսփուրի դէմ, երբ վերջինս վիրաւորուելով քաշուեցաւ: Ճոքովիչ 2 ժամ 15 վայրկեան մրցումէ մը ետք պարտութեան մատնեց...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն.  Այսօր` Ռիատի – ՀՄԸՄ

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Այսօր` Ռիատի – ՀՄԸՄ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանին գծով, ՀՄԸՄ պիտի ըլլայ հիւրը Ռիատիի: Արդարեւ, Մանարայի մէջ, այսօր ժամը 16:45-ին ՀՄԸՄ պիտի մրցի ախոյեան Ռիատիի դէմ: Երթին, ՀՄԸՄ 69-96 արդիւնքով պարտութիւն կրած էր Ռիատիէն Մըզհերի մէջ, ուր առաջին մասին ՀՄԸՄ 29-27 արդիւնքով յառաջանալէ ետք մնացեալ 3 մասերուն 40 կէտ կրցած էր նշանակել միայն: Յոյսով, որ տղաքը աւելի լաւ ելոյթ կ՛ունենան դրական մթնոլորտ...

Ազատ Ոճի Բռնցքամարտ.  Արման Ծառուկեան Յաղթանակ Արձանագրեց

Ազատ Ոճի Բռնցքամարտ. Արման Ծառուկեան Յաղթանակ Արձանագրեց

«Եու.Էֆ.Սի.»-ի մարտիկ Արման Ծառուկեան ազատ ոճի բռնցքամարտի մասնակցած է Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած «էյ-Տի.Էքս.Սի.10» մրցաշարքին: Անոր մրցակիցն էր «Պելլաթոր» կազմակերպութեան նախկին ախոյեան Փաթրիք Ֆրէյրէ: Մենամարտը վերջ գտաւ 5-րդ ռաունտին, Ծառուկեան խեղդելու հնարքով վերջ տուաւ մենամարտին, երբ մրցակիցը յանձնուեցաւ: Նշենք, որ այս տարուան յունուարին, Ծառուկեան պէտք է մենամարտէր Իսլամ Մախաչեւի դէմ, «Եու.Էֆ.Սի.311»-ի տիտղոսի մենամարտին, սակայն մրցումէն օր մը առաջ ան վիրաւորուած...

Ազգերու Լիկա.  Վաղը` Գերմանիա – Փորթուգալ

Ազգերու Լիկա. Վաղը` Գերմանիա – Փորթուգալ

Վաղը գիշեր, ժամը 22:00-ին, Միւնիխի «Ալիանց Արենա»-ին վրայ, Գերմանիա պիտի հիւրընկալէ Փորթուգալը, Եւրոպայի Ազգերու լիկայի կիսաւարտականի առաջին մրցումին: Գերմանիոյ մարզիչ Եուլիան Նակըլզման առաջին անգամ ըլլալով կ՛առաջնորդէ Գերմանիոյ ազգային խումբը դէպի կիսաւարտական, ուր մրցակիցը ունի «երիտասարդ» Քրիսթիան Ռոնալտոն: Քառորդ աւարտականին դուրս մնալէ ետք Եուրօ 2024-էն, Նակըլզման իր 8 մրցումներուն 5 յաղթանակներ եւ 3 հաւասարութիւններ ձեռք ձգած է Ազգերու լիկայի մրցումներուն մինչեւ...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ Լիկ».  Միակողմանի Մրցումէ Մը Ետք Փարիզ Սեն Ժերմեն` Եւրոպայի Ախոյեան

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ Լիկ». Միակողմանի Մրցումէ Մը Ետք Փարիզ Սեն Ժերմեն` Եւրոպայի Ախոյեան

Շաբաթ գիշեր Գերմանիոյ Միւնիխ քաղաքի «Ալիանց Արենա»-ն հիւրընկալեց «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտական մրցումը, ուր Ֆրանսայի Փարիզ Սեն Ժերմենը 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Իտալիոյ Ինթեր Միլանը: Միւնիխ քաղաքը 5-րդ անգամ ըլլալով կը հիւրընկալէր աւարտական մրցումը. նախկին 4 անգամներուն ալ խումբեր առաջին անգամ ըլլալով կը շահէին տիտղոսը: Նոթինկհամ Ֆորեսթ (1979), Մարսէյ (1993), Տորթմունտ (1997), Չելսի (2012) եւ այս...

«Ֆորմիւլա 1».  «Մաքլարեն» 25 Տարի Ետք Կը Գրաւէ 1-2 Դիրքերը` Պարսելոնայի Մէջ

«Ֆորմիւլա 1». «Մաքլարեն» 25 Տարի Ետք Կը Գրաւէ 1-2 Դիրքերը` Պարսելոնայի Մէջ

Սկսանք «վարժուիլ» տեսնել, որ երկու նարնջագոյն ինքնաշարժներ կը գրաւեն փոտիումի վրայ դիրքեր, այնքան մը, որ քիչ մը դժուար է հաւատալ, որ վերջին անգամ 25 տարի առաջ Պարսելոնայի մէջ Միքա Հաքինեն եւ Տէյվիտ Քուլթարտ գրաւած էին առաջին երկու դիրքերը Սպանիոյ «Ֆորմիւլա 1»-ի կրան փրիին: Օսքար Փիասթրի գրաւեց առաջին դիրքը, մինչ Լանտօ Նորիս 2-րդ, իսկ վերջին 4 տարիներու ախոյեանը մրցումը աւարտեց 10-րդ...

Ողիմպիական Կոմիտէի Ընտրութեան Գծով.  Դոկտ. Պայրագտարեանի Հաղորդագրութիւնը

Ողիմպիական Կոմիտէի Ընտրութեան Գծով. Դոկտ. Պայրագտարեանի Հաղորդագրութիւնը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ուրբաթ օր հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը վերաբերէր Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէի ընտրութիւններու երկու ժողովներուն: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ. «Վերջին շաբաթներուն զուսպ մնացինք` որեւէ յայտարարութիւն կամ հաղորդագրութիւն չհրապարակելու Ողիմպիական կոմիտէի ընտրութիւններուն գծով: Վերջինս 3 շաբաթէ ի վեր կ՛աշխատէր ոչ շատ օրինաւոր ձեւով, բոլորին ծանօթ պատճառներով: Այս ժամանակաշրջանի ընթացքին եւ որոշ բարեկամներու առաջարկով կը փորձէինք...

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ – Շանվիլ` 96-112

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ – Շանվիլ` 96-112

Շաբաթ օր ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը իր վերջին մրցումը կատարեց Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ: 20-րդ հանգրուանի մրցումներու ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ, որ երթին 86-100 արդիւնքով յաղթած էր Շանվիլի դաշտին վրայ, չկրցաւ կրկնել իր յաղթանակը եւ 96-112 արդիւնքով տեղի տուաւ: Շանվիլ իր 8-րդ յաղթանակը արձանագրեց, մինչ ՀՄԸՄ կրեց իր 10-րդ պարտութիւնը: Կը կածուէր, թէ ՀՄԸՄ համակիրներու...

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի  Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Թաատոտ Ռիատի` 7-0

Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ – Աթլեթիքօ` 0-1

Շաբաթ օր, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը Պէյրութի շրջանի ախոյեանութեան իր 5-րդ մրցումին 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Աթլեթիքոյէն եւ գրեթէ կորսնցուց Գ. դասակարգ բարձրանալու իր յոյսերը: Տակաւին կան երեք հանգրուաններ, որոնց ընթացքին տղաքը պէտք է իրենց կարելին ընեն յաղթելու յոյսով, որպէսզի գրաւեն առաջին երկու դիրքերէն մէկը` յոյսը պահելու համար: Աթլեթիքօ, որ 2 տարիէ ի վեր կը պատրաստուի գրեթէ անփոփոխ իր խումբով,...

Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ – Աթլեթիքօ` 0-1

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Թաատոտ Ռիատի` 7-0

Շաբաթ օր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ իր վերջին մրցումը կատարեց Լեռնալիբանանի Բ. խմբակին գծով եւ 7-0 արդիւնքով մեծ յաղթանակ մը արձանագրեց Թաատոտ Ռիատիի դէմ: ՀՄԸՄ-ի յաղթանակը 5-րդ յաջորդականն էր, եւ Պուրճ Համուտի խումբը առաւելագոյն 15 կէտերը ձեռք ձգելով հասաւ Բ. հանգրուան: Պհամտունի դաշտը ականատես եղաւ յարձակողական միակողմանի մրցումի մը, ուր Սերժ Օսքեան անգամ մը եւս փայլեցաւ նշանակելով հեթրիք մը (3 կոլ),...

Գեղարուեստական Մարմնամարզութիւն.  6 Հայ Մարզիկներ Մետալներով Վերադարձան Պէյրութ

Գեղարուեստական Մարմնամարզութիւն. 6 Հայ Մարզիկներ Մետալներով Վերադարձան Պէյրութ

Անցեալ շաբաթավերջին Լիմասոլի (Կիպրոս) մէջ տեղի ունեցած «Ռիչ ֆոր տը սթարզ» («Աստղերուն հասի՛ր») գեղարուեստական մարմնամարզութեան մրցաշարքին գծով մեր նախկին թիւով նշած էինք, թէ 4 հայ մարզիկներ մետալներ շահած էին, մինչ անոնց թիւը պէտք է ըլլայ 6: Արդարեւ, Արինա Պոխչալեանի (2016-ի ծնունդ) եւ Սէրլի Տեքերմենճեանի (2014-ի ծնունդ) ոսկի մետալներուն կողքին, Լիլիթ Աքըլ (2018-ի ծնունդ), Ալիք Էկոյի (2016-ի ծնունդ) հետ կրցած էր...

Ճատրակ.  Լիբանանի Արագ Ճատրակի  Աղջկանց Ախոյեանութիւն

Ճատրակ. Լիբանանի Արագ Ճատրակի Աղջկանց Ախոյեանութիւն

Անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ աղջկանց արագ ճատրակի 2025-ի ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ 39 մարզիկներու: Աղջկանց ճատրակի կոմիտէն կազմուեցաւ վերջերս, նախագահութեամբ Ժինան Խաթիպի եւ մասնակցութեամբ քարտուղար Տանիէլ Պետրոսեանի (Լիբանանի նախկին ախոյեան), ինչպէս նաեւ նախկին ախոյեան քոյրեր Սիւզան եւ Քնարիկ Մուրատեաններու (ՀՄԸՄ Անթիլիաս) եւ Սարահ Շամիէի: Իրաւարարներու խմբակին մաս կը կազմէր նաեւ ՀՄԸՄ-ական Էլի Հուլիշեան: ՀՄԸՄ-ական 6 մարզիկներ մասնակցեցան այս մրցաշարքին, Լիմ Քենտիրճեան (ՀՄԸՄ...

«Էն. Պի. Էյ.»  Ինտիանա Փէյսըրզ` Արեւելեան  Շրջանի Ախոյեան

«Էն. Պի. Էյ.» Ինտիանա Փէյսըրզ` Արեւելեան Շրջանի Ախոյեան

Երէկ առաւօտեան ժամերուն, Ինտիանա Փէյսըրզ 125-108 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նիւ Եորք Նիքսը եւ դարձաւ Արեւելեան շրջանի ախոյեան` իր պատմութեան ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով: 2000 թուականին Ինտիանա Փէյսըրզ 4-2 ճակատումներու հաշուով կրցած էր պարտութեան մատնել Նիւ Եորք Նիքսը, եւ 25 տարի ետք ալ զուգադիպութեամբ արդիւնքը եւ մրցակիցը կրկնուեցան: 2000 թուականին Ռեճի Միլըր եւ ընկերներ աւարտական հասած էին եւ պարտուած Շաքիլ Օ՛նիլի...

Թենիս.  Թոմի Փոլ Հասաւ Քառորդ Աւարտական

Թենիս. Թոմի Փոլ Հասաւ Քառորդ Աւարտական

Թիւ 12 դասուած ամերիկացի թենիսմեն Թոմի Փոլ, որ Գ. հանգրուանին պարտութեան մատնած էր Կարէն Խաչանովը 3-6, 6-3, 6-7, 6-3 եւ 3-6 արդիւնքով, պարտութեան մատնեց Ալեքսի Փոփիրինը (թիւ 25) 6-3, 6-3 եւ 6-3 արդիւնքով եւ հասաւ քառորդ աւարտական, ուր կը սպասէ Քարլոս Ալքարաս (Սպանիա) - Պեն Շելթըն (Մ. Ն.) մրցումին յաղթականին: Փոլ 2003-էն ի վեր առաջին ամերիկացին է, որ կը հասնի...

Դ. Դասակարգի Պէյրութի  Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն.  Այսօր` ՀՄԸՄ – Աթլեթիքօ

Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ – Աթլեթիքօ

Այսօր ժամը 18:00-ին, Անսարի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը վճռական մրցում մը պիտի ունենայ Աթլեթիքոյի դէմ, Պէյրութի շրջանի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ: 1 կէտ կը բաժնէ խումբերը իրարմէ, Աթլեթիքօ 10 կէտով կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը, մինչ ՀՄԸՄ 9 կէտ ձեռք ձգած է 4 մրցումներուն ընթացքին եւ կը գրաւէ 3-րդ դիրքը: Աթլեթիքօ 20 կոլեր նշանակած է 4 մրցումներու...

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Թաատոտ Ռիատի

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Թաատոտ Ռիատի

Այսօր ժամը 16:30-ին, Պհամտունի «Ամին Ապտելնուր» դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի մրցի Թաատոտ Ռիատիի դէմ: Ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանէն յետաձգուած այս մրցումը անցեալ շաբաթ տեղի պիտի ունենար, բայց յետաձգուած էր, մանաւանդ որ Սաֆա Շուէյֆաթ, որ Ուահտէ Շհիմի դէմ պիտի խաղար, նոյնքան յոյս ունի Բ. հանգրուան հասնելու, եւ որպէսզի խումբերը «այդ հաշիւով» չխաղան, որոշած էր մրցումները նոյն ժամուն կատարել: Նշենք, որ...

Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ – Շանվիլ

Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Շանվիլ

Այսօր ժամը 18:00-ին Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային կեդրոնի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ ՀՄԸՄ պիտի կատարէ ախոյեանութեան 20-րդ մրցումը` Շանվիլի դէմ: ՀՄԸՄ 19 մրցումներուն 10-ն կրցած է յաղթել, մինչ Շանվիլ 7 յաղթանակ կրցած է արձանագրել: Իր վերջին մրցումին, ՀՄԸՄ 107-84 արդիւնքով պարտութիւն կրած էր Անթունիէն, մինչ Շանվիլ 110-68 արդիւնքով պարտուած էր ախոյեան Ռիատիէն: Շանվիլ 10 կէտի տարբերութեամբ կրցած էր յաղթել...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Այսօր` Փարիզ Սեն Ժերմեն – Ինթեր Միլիան

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Փարիզ Սեն Ժերմեն – Ինթեր Միլիան

Պատմութեան ընթացքին 5-րդ անգամ ըլլալով Միւնիխ պիտի հիւրընկալէ «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտական մրցումը, ուր Փարիզ Սեն Ժերմեն կը մրցի Ինթեր Միլանի դէմ: Նախկին 4 աւարտականներուն ախոյեան դարձած էին խումբեր, որոնք բնաւ շահած չէին այս տիտղոսը, եւ այս իրողութենէն կրնայ բախտը ժպտիլ Փարիզ Սեն Ժերմենի, որ իր պատմութեան մէջ միայն 1 անգամ հասած է աւարտական (2020-ին) եւ պատուած Պայերն Միւնիխէն: 2011-ին Քաթարի...

«Ֆորմիւլա 1».  Պարսելոնայի Կրան Փրին` Վաղը

«Ֆորմիւլա 1». Պարսելոնայի Կրան Փրին` Վաղը

Վաղը տեղի կ՛ունենայ Պարսելոնայի կրան փրին, որ այս տարուան «Ֆորմիւլա 1»-ի 9-րդ մրցումն է: Քաթալոնիոյ մէջ տեղի ունենալիք այս մրցումը կրնայ անկիւնադարձ մը ըլլալ այս տարեշրջանին համար, մանաւանդ որ «Էֆ. Այ. Էյ.»-ը առիթ տուաւ, որ խումբերը իրենց ինքնաշարժներուն առջեւի եւ ետեւի պոչիկներուն վրայ փոփոխութիւններ կատարեն: Այդ փոփոխութիւններէն կրնան օգտուիլ մեծ թիւով խումբեր, ինչպէս «Ռետ Պուլ» եւ «Ֆեռարի», սակայն, ըստ մասնագէտներու,...

«Էն. Պի. Էյ.»  Նիւ Եորք Նիքս Յաղթեց 5-րդ Ճակատումը

«Էն. Պի. Էյ.» Նիւ Եորք Նիքս Յաղթեց 5-րդ Ճակատումը

Երէկ առաւօտ Նիւ Եորք Նիքս իր դաշտը գտնուող 19.812 համակիրները ուրախ պահեց, երբ մրցումի ազդանշանէն մինչեւ աւարտ առիթ չտուաւ Ինտիանա Փէյսըրզին, որ շնչէ: Արդարեւ, Նիքս, որ անպայման յաղթանակի համար կը մրցէր, կրցաւ տիրապետել շնորհիւ Ճէյլըն Պրանսընի, որ «տաքցուց» համակիրները: Մետիսըն Սքուեր Կարտընի համակիրները անընդհատ կը գոռային` «Նիքս ին սեւըն» (Նիքս 7 մրցումներով պիտի յաղթէ): Կարելի բան մըն է, բայց Նիւ...

Page 119 of 1275 1 … 118 119 120 … 1,275

Արխիւներ