Ճատրակի Նորվեկիոյ 2025-ի մրցաշարքը, որ տեղի կ՛ունենայ Սթավանկերի մէջ, կը նկատուի ճատրակի ամէնէն կարեւոր մրցաշարքերէն մէկը, ուր 6 մարզիկներ կը մրցին իրար դէմ (երկու անգամ` նոյն մրցակիցին դէմ):
Աշխարհի թիւ 1 դասուած Մակնուս Քարլսեն, հնդիկ Կուքիշ Տոմմարաժու, Ֆապիանօ Քարուանա, Հիքարու Նաքամուրա, Ուէյ Եի եւ Արժուն Էրիկայսի կը մրցին տիտղոսին համար:
Արդէն իսկ 6-րդ հանգրուանն է, եւ երէկ Կուքեշ, որ աշխարհի ախոյեանութիւնը շահած էր անցեալ տարի Քարլսենի դէմ, իր երկրորդ մրցումին անակնկալի բերաւ վերջինս, որ յստակ առաւելութիւն ունենալով զարմանալիօրէն կորսնցուց մրցումը:
6 հանգրուաններ ետք, ամերիկացի վարպետ Ֆապիանօ Քարուանա (թիւ 5) կը գրաւէ առաջին դիրքը 12,5 կէտով` 1 կէտի առաւելութիւն ունենալով Կուքեշի վրայ (թիւ 3):
Քարլսեն 11 կէտ ունի եւ կը գրաւէ դասաւորման 3-րդ դիրքը: Այլ ամերիկացի մը` Հիքարու Նաքամուրա (թիւ 2) 8,5 կէտ ունի եւ կը գրաւէ 4-րդ դիրքը, մինչ հնդիկ Արժուն Էրիկայսի 7,5 կէտ ունի եւ 5-րդ դիրքը կը գրաւէ: 6-րդ դիրքը կը գրաւէ չինացի վարպետ Ուէյ Եի, որ 6,5 ունի: