Այսօր Իտալիա պիտի կատարէ 2026-ի մոնտիալի զտումի իր առաջին մրցումը` Օսլոյի մէջ մրցելով Նորվեկիոյ դէմ: Նորվեկիա, որ 1998-ի մոնտիալէն ի վեր չէ կրցած հասնիլ մոնտիալ, շատ լաւ ձեւով սկսած էր իր զտումի մրցումները` օգտուելով Իտալիոյ Ազգերու լիկայի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներէն (անցեալ մարտին), արձանագրելով յաջորդական 2 յաղթանակներ` Մոլտովայի (5-0) եւ Իսրայէլի (4-2) դէմ:
Նորվեկիա պիտի փորձէ իր յաջորդական 3-րդ յաղթանակը արձանագրել, հակառակ անոր որ իր վերջին 4 ճակատումներուն` Իտալիոյ դէմ, ան 3 պարտութիւններ կրած է 1 հաւասարութեան կողքին:
Իտալիա իր կարգին պիտի փորձէ լաւ սկսիլ զտումի մրցումները` վերջին 2 մոնտիալներէն բացակայելէ ետք:
Հարաւային Ամերիկայի գօտիին մէջ, Պրազիլ իր նոր մարզիչ Քարլօ Անչելոթթիի հետ առաջին մրցումը պիտի կատարէ` Կուայաքիլի մէջ մրցելով տեղւոյն Էքուատորի դէմ:
14 մրցումներէ ետք Էքուատոր 23 կէտով կը գրաւէ 2-րդ դիրքը Արժանթինի ետին (31 կէտ), մինչ մինչեւ 6-րդ դիրք 5 խումբեր 3 կէտով ետ կը մնան իրարմէ:
Ուրուկուէյ, Պրազիլ եւ Փարակուէյ 21 կէտ ունին, իսկ Քոլոմպիա` 20:
Ստորեւ կը ներկայացնենք Եւրոպայի եւ Հարաւային Ամերիկայի զտումի մրցումներուն յայտագիրը.
ԵՒՐՈՊԱ
ԱՅՍՕՐ
Էսթոնիա – Իսրայէլ
Կալես – Լիխթընշթայն
Չեխիա – Մոնթենեկրօ
Հիւսիսային Մակեդոնիա – Պելճիքա
Նորվեկիա – Իտալիա
Ճիպրալթար – Խրուաթիա
ՎԱՂԸ
Պոսնիա – Սան Մարինօ
Մալթա- Լիթուանիա
Անտորրա – Անգլիա
Աւստրիա – Ռումանիա
Ալպանիա – Սերպիա
Ֆինլանտա – Նետերլանտներ
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱ
ԱՅՍՕՐ
Էքուատոր – Պրազիլ
Փարակուէյ – Ուրուկուէյ
Չիլի – Արժանթին
Քոլոմպիա – Փերու
ՎԱՂԸ
Վենեզուելա – Պոլիվիա