Միջազգային մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին հովանաւորութեամբ 18 յունիսին Սոֆիայի մէջ (Պուլկարիա) տեղի կ՛ունենայ գեղարուեստական մարմնամարզութեան պատանիներու աշխարհի ախոյեանութիւնը:
Դառնալէ ետք Լիբանանի ախոյեան, Լիբանանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնը որոշեց, որ Լիբանանը ներկայացնէ Սերաֆինա Սերոբեանը, որ արդէն իսկ 2 տարիէ միջազգային մրցաշարքերու իր մասնակցութիւնը կը բերէ:
2023-ին մասնակցելէ ետք Վրաստանի մէջ տեղի ունեցած միջազգային մարմնամարզութեան մրցաշարքին, ուր ապահոված էր արծաթ մետալ, Սերաֆինա Սերոբեան Լիբանանը ներկայացուցած էր նաեւ Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցած առաջին կարգի միջազգային մրցաշարքին:
Վերջերս Սերաֆինա Սերոբեան մասնակցած էր Լիբանանի զտումի մրցումներուն, ուր պահելէ ետք ախոյեանի իր դիրքը, պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ իբրեւ Լիբանանի ներկայացուցիչ Լիբանանի գեղարուեստական մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին կողմէ:
Ինչպէս նշեցինք, պատանիներու աշխարհի 3-րդ ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ 18-էն 22 յունիս, Սոֆիայի մէջ եւ յոյսով ենք, որ Սերաֆինա լաւապէս պիտի ներկայացնէ Լիբանանը եւ լիբանանահայութիւնը իր փայլուն ներկայացումներով:
Յաջողութիւն կը մաղթենք Սերաֆինային` մաղթելով մետալներով հարուստ ապագայ մը: