Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն, բացի Լիվըրփուլէն բոլոր մեծ խումբերը յաղթանակ արձանագրեցին:
Մանչեսթըր Սիթի ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 5-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնելով Պուրնըմաութը: Ռահիմ Սթերլինկ հեթրիք մը իրագործեց (7-րդ, 29-րդ եւ 45-րդ):
Սիթիէն 2 կէտով ետ մնացող Արսենալ (2-րդ) եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ (3-րդ) իրենց կարգին յաղթանակներ արձանագրեցին, յաջորդաբար` Ուաթֆորտի (3-0) եւ Էվըրթընի դէմ (3-0): Վերջինիս դէմ տեղի ունեցած մրցումին Ուէյն Ռունի նշանակեց Եունայթըտի 3-րդ կոլը (62-րդ):
Տարեշրջանի իր երրորդ յաղթանակը արձանագրեց Ժոզէ Մուրինիոյի կազմը` Չելսի, որ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ասթոն Վիլան:
Լիվըրփուլ, որ հիւրն էր Թոթենհամի, իր նոր մարզիչին` Քլոփի հետ չկրցաւ յաղթանակ մը արձանագրել եւ բաւականացաւ 0-0 հաւասար արդիւնքով: