
Պաշտօնական յայտարարութիւն մը կատարելով` Յորդանանի արքայազունը` Ալի Պըն Հիւսէյն, իր թեկնածութիւնը առաջադրեց ՖԻՖԱ-ի նախագահի յառաջիկայ ընտրութիւններուն:
Ինչպէս ծանօթ է, ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնի` ՖԻՖԱ-ի արտակարգ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 26 փետրուար 2016-ին:
Նշենք, որ այս տարուան սկիզբը Ալի Պըն Հիւսէյն իշխանը մասնակցեցաւ ՖԻՖԱ-ի նախագահական ընտրութիւններուն, սակայն պարտուեցաւ Սեփ Պլեթըրէն:


