ArmSport.am կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը չի մեկնաբաներ սերպական լրատուամիջոցներուն տարածած տեղեկութիւնը, ըստ որուն, Ալպանիոյ հաւաքականը կաշառք տուած է Հայաստանի հաւաքականին մարզիկներուն` Եուրօ-2016-ի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որպէսզի Ալպանիան յաղթանակ արձանագրէ:
www.sport-express.ru կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը այս նիւթին շուրջ իր պաշտօնական կարծիքը պիտի յայտնէ մօտիկ ապագային:
Ներկայիս Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը նպատակայարմար չի գտներ մեկնաբանել այդ տեղեկութիւնները, նշուած է պաշտօնական պատասխանի մը մէջ: