Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, թէեւ Ֆիորենթինա 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Նափոլիի դաշտին վրայ, սակայն մնաց պարագլուխի դիրքին վրայ` կէտի մը առաւելութեամբ գերազանցելով Ա. Էս. Ռոման (2-րդ) եւ Ինթեր Միլանը (3-րդ):
Ինչ կը վերաբերի շաբթուան գագաթի` Ինթեր Միլան – Եուվենթուս մրցումին, անիկա աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով` աւելի քան 79 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան: