Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Յակոբ Սերոբեան վերջնականապէս հաստատեց մարմնամարզիկ Արթուր Դաւթեանի մասնակցութիւնը` աշխարհի ախոյեանութեան:
«Արթուրը համեմատաբար աւելի լաւ է: Ան ուրբաթ, 16 հոկտեմբերին թէեւ ոչ ամբողջական փորձ կատարեց, բայց բաւական լաւ վիճակի մէջ է: Մրցավայր պիտի մեկնինք ամբողջական կազմով», Սերոբեանի խօսքերը կը մէջբերէ Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը:
Նշենք, որ Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականը մրցավայր կը մեկնի այսօր` շաբաթ, 17 հոկտեմբերին:
Այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 23 հոկտեմբերէն 1 նոյեմբեր, Սկովտիոյ մայրաքաղաք Կլասքոյի մէջ. անիկա կէտերու դրութեամբ է` 2016-ի ողիմպիականի խաղերուն համար, կը յայտնէ ArmSport.am:
Նշենք, որ Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Վահագն Դաւթեան, Յարութիւն Մերդինեան, Արթուր Դաւթեան եւ Հուրի Գեբեշեան: