Հարցազրոյցը Վարեց` ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ
Ինչպէս ծանօթ է, երէկ` ուրբաթ, 16 հոկտեմբերին սկսաւ Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանը` Ա. եւ Բ. դասակարգերուն մէջ:
ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ մաս կը կազմէ Բ. դասակարգին, տարեշրջանի իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ վաղը` կիրակի, 18 հոկտեմբերին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ:
Խումբին պատրաստութիւններուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու համար «ԱԶԴԱԿ» երէկ յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ հայրենի մարզիչ Սամուէլ Պօղոսեանի հետ:
Ստորեւ այդ հարցազրոյցին շահեկան բաժինները` տարեշրջանին նախօրեակին:
«ԱԶԴԱԿ».- Վստահ, բոլոր խումբերուն նման ՀՄԸՄ եւս լաւապէս պատրաստուեցաւ նոր տարեշրջանին: Ի՞նչ ունիք ըսելիք այս առնչութեամբ:
ՍԱՄՈՒԷԼ ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- Բնականաբար, անհրաժեշտ պատրաստութիւնները տեսանք եւ կրնամ ըսել, որ 1 սեպտեմբերէն սկսեալ մեր կանոնաւոր փորձերը սկսանք կատարել:
Կատարեցինք փորձ-մրցումներ եւ անոնց ընդմէջէն կրցանք տեղեակ ըլլալ բոլորին ունեցած յատկութիւններուն մասին: Բայց չմոռնամ ըսելու, որ բարեկամական վերջին մրցումը միայն կարելի է սեպել լաւագոյնը, որովհետեւ խումբը ամբողջական էր Ռիատա Ուալ Ատապի դէմ:
«Ա.».- Ամբողջական ըսելով ի՞նչ կրնանք հասկնալ:
Ս. Պ.- Ի՞նչպէս բոլորն ալ տեղեակ են, ներկայացուցչական խումբը վերադարձաւ Յակոբ Տօնապետեան (Սալամէն): Խումբին միացան նաեւ երկու նորեկներ` Զաւէն Լեփեճեան (Նըժմէէն) եւ Ալի Ռիֆահի (Ռիատա Ուալ Ատապէն), մինչ խումբ վերադարձաւ նաեւ Սամի Շում:
Այս բոլորին հետ լման կազմ մը ունենալով, յաջողեցանք նախորդներէն շատ աւելի լաւ ներկայացումով մը կատարել մեր մրցումը:
«Ա.».- Մարզիկներուն մօտ տրամադրութիւնները բա՞րձր են նոր տարեշրջանին նախօրեակին:
Ս. Պ.- ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն մօտ տրամադրութիւնները միշտ ալ իրենց գագաթնակէտին կ՛ըլլան: Երբ կայ ՀՄԸՄ-ի ոգին, անոնք միշտ ալ կ՛ունենան բարձր տրամադրութիւն եւ պայքարի ոգին կ՛ըլլայ տիրական:
Ունինք շատ սքանչելի խումբ մը եւ կրնամ ըսել, որ բոլորն ալ իւրայատուկ յատկութիւններ ունեցող ֆութպոլիստներ են:
Այնքան ատեն որ անոնք կը կրեն ՀՄԸՄ-ի շապիկը, լաւագոյնին ձգտիլը անոնց գլխաւոր նպատակն է:
«Ա.».- Բ. դասակարգի մնացեալ խումբերուն մակարդակին մասին ի՞նչ կրնաք ըսել:
Ս. Պ.- Քանի մը խումբի կատարած մրցումներուն ներկայ գտնուեցայ: Բայց ինծի համար երբեք կարեւոր չէ, թէ այս խումբը ունի իր տկար կողմը, կամ այդ խումբը խոցելի կէտ մը ունի եւ այլն:
Միւս խումբերուն մակարդակը երբեք զիս չի հետաքրքրեր: Եթէ մենք վստահինք մեր սեփական ուժերուն եւ իրարու նկատմամբ ամուր կառչած մնանք դաշտին վրայ, արդէն իսկ ամբողջացուցած կ՛ըլլանք մեր աշխատանքը: Ասկէ մեկնելով, կրնանք տալ ակնկալուածէն շատ աւելին:
«Ա.».- Յաւելեալ ի՞նչ տեղեկութիւններ կրնաք փոխանցել մեր ընթերցողներուն` խումբին մասին:
Ս. Պ.- Օգնական մարզիչները կը մնան նոյնը` Յակոբ Կիւլիւմեան եւ Դրօ Քէհէեան: Իրարու հետ կը շարունակենք գործակցիլ` հասնելու համար դրական արդիւնքի: Արդէն ինչպէս տեղեակ էք, հայրենի մեր ֆութպոլիստները այս տարեշրջանին եւս մեզի հետ են:
Իսկ ինչ կը վերաբերի մնացեալ ֆութպոլիստներուն, արդէն բոլորն ալ տեղեակ են անոնց:
«Հոս կարեւորութեամբ կ՛ուզեմ նշել այն կարեւոր կէտը, որ նախորդ տարեշրջանին նման, բոլոր մարզիկներուն մօտ ալ ֆիզիքականը շատ լաւ վիճակի մէջ է, եւ ոչ մէկ կասկած ունիմ, որ անոնք յոգնութեան որեւէ նշան ցոյց պիտի տան ամբողջ 90 վայրկեան»:
Անոնք, որոնք կը կասկածին, որ մարզիկներուն մօտ ֆիզիքականը կրնայ կաղացում արձանագրել, կրնամ ըսել, որ կը սխալին:
Կ՛ուզեմ աւելցնել, որ խումբը չունի իր մնայուն բժիշկը: Երբ փորձեր կը կատարուին, անոր ներկայութիւնը շատ կարեւոր է, որովհետեւ ան կրնայ անհրաժեշտ բոլոր ցուցմունքները տալ մարզիկի մը, որպէսզի եթէ ան թեթեւ վնասուածք մը ունենայ, անիկա աւելի չբարդանայ:
«Ա.».- Արդեօք կարեւո՞ր է մրցումի մը նախորդող օրը այդ մրցումին կատարուելիք վայրին մէջ ըլլալը:
Ս. Պ.- Շատ տեղին է այս հարցումը:
Իմ անձնական կարծիքս, պարզ օրինակ մը տալով, երեւակայենք, որ կիրակի օր մրցում մը ունինք կատարելիք Սուրի կամ այլ շրջանի մը մէջ, եթէ այդ շրջանը հասնինք շաբաթ օր, շատ աւելի լաւ մրցում կը կատարեն մարզիկները` տարբեր անկիւններէ դիտած:
Բնականաբար, ատիկա քիչ մը ծախսալից կրնայ ըլլալ, բայց արդիւնքը կ՛ըլլայ շատ աւելի դրական:
«Ա.».- Համակիրներուն մասին ի՞նչ խօսք ունիք ըսելիք:
Ս. Պ.- Անոնց մասին ոչ մէկ խօսք կրնանք ըսել, որովհետեւ անոնք ներկայ են լաւ եւ վատ օրերուն, անոնք իրենց խումբը երբեք չեն մոռնար, ինչ ալ որ ըլլան պարագաները:
Կրնամ ըսել, որ ՀՄԸՄ-ի համակիրները ամէնէն աւելի պահանջկոտն են, որովհետեւ իրենց սիրելի խումբէն մի՛շտ կը պահանջեն աւելին, չեն ուզեր, որ անիկա պարտութիւն կրէ կամ ընկրկում արձանագրէ:
Իսկապէս, ՀՄԸՄ-ի համակիրները եզակի են:
«Ա.».- Ասկէ մեկնելով խոստում կու տա՞ք, որ տարեշրջանին աւարտին խումբը կը բարձրանայ Ա. դասակարգ:
Ս. Պ.- Խոստում չեմ կրնար տալ, բայց բոլորին նման կը փափաքիմ եւ կը ցանկամ, որ ատիկա տեղի ունենայ այս տարեշրջանին աւարտին:
ՀՄԸՄ-ի արժանավայել տեղը Ա. դասակարգին մէջ է:
Բոլորս ալ կ՛ուզենք, որ ՀՄԸՄ ոչ մէկ ճիգ խնայէ` վերստին բարձրանալու համար Ա. դասակարգ:
Հետեւաբար, կիրակի օր բոլորիս ալ ժամադրավայրը պիտի ըլլայ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտը` քաջալերելու համար մեր սիրելի կազմը, այդ մրցումին եւ յաջորդող բոլոր ճակատումներուն ընթացքին:
«Ա.».- Ի՞նչ ունիք ըսելիք ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն:
Ս. Պ.- Ինչ որ պէտք էր` արդէն ըսի: ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն կու գամ ըսելու, որ քանի մը տարի ետք պիտի ունենանք սքանչելի աստղեր, որովհետեւ մեծ աշխատանք կը տարուի ՀՄԸՄ-ի կրտսերներուն վրայ: Երբ լաւ կազմ մը կ՛ուզենք, քիչ մը եւս պիտի սպասենք:
«Կ՛ուզեմ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել «Ազդակ»-ին, որ այս հարցազրոյցը կատարեց հետս` նոր տարեշրջանին նախօրեակին: Շնորհակալութիւն: