Ըմբշամարտի վեթերաններու աշխարհի ախոյեանութեան Դ. դասակարգի 58 քկ-ի մրցումներուն ոսկիէ մետալին տիրացաւ վեթերաններու աշխարհի 14-ակի ախոյեան վանաձորցի Ժորա Յովհաննիսեան, կը տեղեկացնէ Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը:
Լուրը հաղորդող ArmSport.am աւելցուց, որ հայ ըմբիշը աւարտականի 12-1 արդիւնքով յաղթեց ճափոնցի Սուսումու Հաշիուրային` հռչակուելով աշխարհի 14-ակի ախոյեան:
Նշենք, որ ախոյեանութիւնը սկսաւ 13 հոկտեմբերին, Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի մէջ:
Յայտնենք նաեւ, որ այս ախոյեանութեան առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցին կին վեթերան ըմբիշներ: