As.com կը հաղորդէ, որ պրազիլական Սանթոս ֆութպոլի ակումբը ՖԻՖԱ-էն պահանջած է, որ 6 ամիսով կախակայէ իր նախկին ֆութպոլիստը` Նէյմարը, որ ներկայիս մաս կը կազմէ Պարսելոնայի:
Ատկէ բացի, Սանթոս յոյս յայտնած է, որ նաեւ 55 միլիոն եւրոյի փոխհատուցում ստանայ:
Սանթոս կը բողոքէ նշելով, որ Նէյմարի Պարսելոնա տեղափոխութիւնը կատարուած է կաշառքով, ինչ որ կը նշանակէ ՖԻՖԱ-ի կանոններու խախտում:
Նշենք, որ աւելի առաջ յայտարարուած էր, որ Պրազիլի մէջ սառեցուած են Նէյմարի դրամատնային բոլոր հաշիւները` նկատի ունենալով, որ ան կը խուսափէր իր տուրքերը վճարել: