Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանի հանդիպումները տեղի կ՛ունենան այս շաբաթավերջին:
Ալաշկերտ, որ կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը, վաղը յետմիջօրէի ժամը 14:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) «Նայիրի» մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Ալաշկերտը (առաջին հանդիպումը` 2-2):
Փիւնիկ (2-րդ) դարձեալ վաղը, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, ֆութպոլի ակադեմիային մէջ կը հիւրընկալէ Արարատը (առաջին մրցում` 1-1):
Ինչ կը վերաբերի այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն, յետմիջօրէի ժամը 14:00-ին Միքա, որ առաջին մրցումին պարտուած էր Շիրակէն, այս անգամ իր հիւրը պիտի դարձնէ Շիրակը` իր մարզադաշտին վրայ:
Վերջապէս, 4-րդ եւ վերջին մրցումին, այսօր երեկոյեան ժամը 18:00-ին, հանրապետական մարզադաշտին վրայ Ուլիս կը հիւրընկալէ Գանձասար – Կապանը (առաջին մրցումին Ուլիս 3-0 արդիւնքով պարտուեցաւ):