Մարզական

Պասքեթպոլ. Հայաստանի Հաւաքականը Կը Մասնակցի Եւրոպայի Փոքր Երկիրներու 2016-ի Ախոյեանութեան

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի տղոց պասքեթպոլի ազգային հաւաքականը առաջին անգամ ըլլալով իր մասնակցութիւնը կը բերէ Եւրոպայի փոքր երկիրներու 2016-ի ախոյեանութեան: Այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ յուլիս 2016-ին: Եւրոպայի փոքր երկիրներու ախոյեանութեան մասնակցելու իրաւունք ունին հետեւեալ 11 երկիրները: Հայաստան, Անտորրա, Ազրպէյճան, Ճիպրալթար, Մալթա, Մոլտովա, Մոնաքօ, Նորվեկիա, Սան Մարինօ, Սկովտիա եւ Կալես: Մրցաշարքին կայացման վայրը եւ մասնակցող երկիրներուն...

Ասիոյ Պասքեթպոլի 16 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Լիբանան Ջախջախեց Ինտոնեզիան` 83-55 Արդիւնքով

Լիբանանի տղոց կրտսերներու պասքեթպոլի ազգային խումբը, որ Ինտոնեզիոյ մէջ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ասիոյ 16 տարեկանէն վար ախոյեանութեան, երէկ արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` 83-55 արդիւնքով ջախջախելով հիւրընկալ երկիրը` Ինտոնեզիան: Լիբանանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Սելիմ Ալաէտտին (16 կէտ), ապա` Քերիմ Զէյնուն (15): Այսօր Լիբանան կը կատարէ իր երկրորդ մրցումը` Թայփէի դէմ:  

Գերմանական Ֆութպոլ. Մխիթարեան` Կոլի Եւ Կոլի Փոխանցման Հեղինակ

Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Պորուսիա Տորթմունտ 7-1 արդիւնքով ջախջախեց իր մրցակիցը` Փատերպոռնը, որ մաս կը կազմէ Բ. դասակարգին: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան մասնակցեցաւ այս մրցումին` իր ստացած վնասուածքէն ետք ապաքինած ըլլալով: Հայ ֆութպոլիստը, որ մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին, Լուքաս Փիշչեքի նշանակած կոլին փոխանցումը կատարեց, իսկ 89-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կազմին 7-րդ կոլը:

Ճատրակ. Հայաստանի Տղոց Ազգային Հաւաքականը Նոր Անդամ Մը Ունեցաւ

Կարէն Գրիգորեան Հայաստանի ճատրակի ախոյեան Կարէն Գրիգորեան հաւաքականին կազմին հետ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Եւրոպայի խմբային ախոյեանութեան: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը: Իսլանտայի մայրաքաղաք Ռէյքիաւիքի մէջ 12-22 նոյեմբերին տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի խմբային ախոյեանութիւնը, կը յայտնէ ArmSport.am-ը: Տղոց հաւաքականին մաս կը կազմեն Լեւոն Արոնեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Սերկէյ Մովսիսեան, Հրանդ Մելքումեան եւ Հայաստանի գործող ախոյեան` Կարէն Գրիգորեան,...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին արձանագրուած մրցումներուն արդիւնքները, հրապարակեց շաբաթավերջին տեղի ունենալիք 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը, որ կը սկսի ուրբաթ, 30 հոկտեմբերին: Հրապարակուեցաւ նաեւ ցանկը այն մարզիկներուն, որոնք նախորդ շաբաթավերջին դեղին քարտ ստացան: ՀՄԸՄ-էն դեղին քարտ ստացաւ Ալեք Ալճեան, մինչ Ահլի Սայտայի մաս կազմող Եահիա Մասրի կախակայուեցաւ 3 մրցումով: Շուէյֆաթի ֆութսալի խումբը մէկ...

Անգլիոյ Ֆութպոլի Լիկայի Բաժակի Մրցաշարք. Տիտղոսակիր Չելսի, Ինչպէս Նաեւ Արսենալ… Դուրս Մնացին

Սթոք Սիթիի յաղթական մարզիկները Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքին Դ. հանգրուանի մրցումները այդքան ալ նպաստաւոր չեղան լոնտոնեան խումբերուն համար` նկատի ունենալով, որ անոնք պարտութիւն կրելով դուրս մնացին մրցաշարքէն: Տիտղոսակիր Չելսի` շարունակելով իր ձախողութիւններու շարքը, այս անգամ դուրս մնաց մրցաշարքէն, երբ փենալթիներով` 5-4 արդիւնքով պարտուեցաւ Սթոք Սիթիէն (մրցումին 120 վայրկեանները աւարտեցան 1-1 արդիւնքով): Բ. դասակարգին մաս կազմող Շեֆիլտ Ուենզտէյ ֆութպոլի լաւ...

Ֆութսալ. Ուրբաթ, 30 Հոկտեմբերին Կը Սկսի Բ. Դասակարգի Ախոյեանութիւնը

Ուրբաթ, 30 հոկտեմբերին ՀՄԸՄ Պէյրութ - Սփորթ Ֆիլ բացման մրցումով կը սկսի Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2015- 2016 տարեշրջանը: ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, իր այս մրցումը պիտի կատարէ Էմիլ Լահուտի մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ), ժամը 21:00-ին: Ախոյեանութեան կը մասնակցի նաեւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ (Բ. խմբակ), որ կիրակի, 1 նոյեմբերին, ժամը 20:00-ին, Սատի դաշտին վրայ պիտի...

Քասիասի 900-րդ Արհեստավարժ Մրցումը

Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին եւ Փորթոյի բերդապահ Իքեր Քասիաս, շաբաթավերջին կատարեց իր արհեստավարժ ասպարէզին 900-րդ մրցումը, երբ Պրակայի դէմ դաշտ ներկայացաւ Փորթուգալի ֆութպոլի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ: Record կայքին համաձայն, 34 տարեկան բերդապահը 725 մրցում կատարած է Ռէալ Մատրիտի հետ, Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ 164 մրցում, իսկ 11 մրցում ալ` իր նոր ակումբին Փորթոյի հետ:  

Մուրինիօ Կրնայ Կորսնցնել Իր Պաշտօնը

Մուրինիօ Կրնայ Կորսնցնել Իր Պաշտօնը

Անգլիական մամուլը անցնող քանի մը օրերուն անդրադարձաւ Չելսիի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյի` նկատի առնելով անոր արձանագրած ձախող արդիւնքները «Փրեմիեր լիկ»-ի այս տարեշրջանին ընթացքին: Ըստ «Տէյլի Էքսփրես»-ին, փորթուգալցին կրնայ պաշտօնանկ ըլլալ, եթէ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանին պարտութիւն մը կրէ Լիվըրփուլէն: Լոնտոնեան կազմը այժմ, 10-րդ հանգրուանէն ետք, 11 կէտով կը գրաւէ 15-րդ դիրքը: Ակումբին սեփականատէրը` Ռոման Ապրամովիչ, յայտնապէս նեղացած է նախորդ շաբաթավերջին...

Էն. Պի. Էյ.  Փիսթընզ, Քաւալիրզ Եւ Նիւ Օրլինզ Յաղթանակով Սկսան 2015-2016 Տարեշրջանը

Էն. Պի. Էյ. Փիսթընզ, Քաւալիրզ Եւ Նիւ Օրլինզ Յաղթանակով Սկսան 2015-2016 Տարեշրջանը

Պարաք Օպամա կը հետեւի Շիքակօ Պուլզ - Քլիվլենտ Քաւալիրզ մրցումին «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանը սկսաւ երէկ` չորեքշաբթի, 28 հոկտեմբերին, երբ տեղի ունեցան երեք մրցումներ: Շիքակօ Պուլզ, որ ճակատեցաւ Քլիվլենտ Քաւալիրզին դէմ, տարեշրջանը սկսաւ պարտութեամբ, երբ երկու կէտի տարբերութեամբ տեղի տուաւ իր մրցակիցին դիմաց` 97-95 արդիւնքով: Լեպրըն Ճէյմզ (Պուլզ) նշանակեց մրցումին եւ իր կազմին ամէնէն աւելի կէտը (25):...

Ռոտրիկօ 3 Ամիսով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Վալենսիայի յառաջապահ Ռոտրիկօ, որ նախորդ շաբաթավերջին Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ տեղի ունեցած Լա Լիկայի մրցումին ընթացքին վիրաւորուեցաւ, 3 ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն: Այս մասին երէկ յայտնեց սպանական ակումբին պաշտօնական կայքը: Այս տարեշրջանին 24 տարեկան սպանացին իր ակումբին հետ մասնակցեցաւ 7 մրցումի:

Տորթմունտ Եւ Սոքրաթիս Իրենց Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեցին

Պորուսիա Տորթմունտի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ ակումբը եւ խումբի յետսապահ Սոքրաթիս Փափասթաթոփուլոս երկարաձգեցին իրենց պայմանագրութիւնը: Ըստ նոր համաձայնագիրին, 27 տարեկան ֆութպոլիստը, գերմանական ակումբին հետ պիտի մնայ մինչեւ 2019: 2013-ին Տորթմունտի միացած Սոքրաթիս, 58 մրցումի ընթացքին նշանակած է 2 կոլ:

Կիկզոլ Պաշտօնազրկուեցաւ

Sky Deutschland կը յայտնէ, որ Հոֆընհայմի մարզիչ Մարքուս Կիկզոլ պաշտօնազրկուեցաւ` իր կազմին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով: Ըստ աղբիւրին, ակումբին նոր մարզիչ կրնայ նշանակուիլ Եուփ Սթիւընս, որ նախապէս եղած է Շալքէի, Հերթա Պերլինի, Քէօլնի եւ Շթութկարթի մարզիչ: Պունտըսլիկայի 10-րդ հանգրուանէն ետք Հոֆընհայմ արձանագրեց միայն մէկ յաղթանակ:

Մխիթարեան Սկսաւ Իր Փորձերուն

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ եւ խմբապետ` Հենրիխ Մխիթարեան նախորդ շաբաթավերջին իր մասնակցութիւնը չբերաւ Օկզպուրկի դէմ տեղի ունեցած Պունտըսլիկայի 10-րդ հանգրուանի մրցումին: Անոր բացակայութեան պատճառը մկանային հարցերն են, իսկ վերջին երկու օրերուն ան սկսաւ իր փորձերուն, ֆիզիքական իր կազմուածքը պահելու եւ պատրաստուելու յաջորդ մրցումներուն:

Աքուաթլոն. ՀՄԸՄ Եղաւ Տիրական Ներկայութիւն Մը «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի Մէջ

PROFOTO Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, նախորդ շաբաթավերջին անոր կեդրոնատեղիին մէջ (Քասլիք), տեղի ունեցաւ Աքուաթլոնի 2-րդ տարեկան մրցումը (վազք եւ լողարշաւ), հակառակ կլիմայական աննպաստ պայմաններուն: 10-14 եւ 15-18 տարեկան դասակարգերուն մէջ (տղաք եւ աղջիկներ) տեղի ունեցան 400 մեթր լողարշաւի եւ 2.5 քմ վազքի մրցումները: Իսկ, 19-39 եւ 40 տարեկան եւ վեր դասակարգերուն մէջ` 1.9 քմ լողարշաւի, 1,5 վազքի եւ ապա`...

Յակոբ Սերոբեան. «Արթուր Դաւթեան Գերազանցեց Մեր Ակնկալութիւնները»

Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականին անդամ Արթուր Դաւթեան աշխարհի ախոյեանութեան ընթացքին իր ապահոված կէտերուն շնորհիւ, կարելիութիւն ստացաւ պայքարելու յառաջիկայ ապրիլին Ռիոյի մէջ տեղի ունենալիք Ողիմպիական խաղերուն նախորդող թեսթ-իվենթ-ին: Աշխարհի ախոյեանութեան իր արձանագրած արդիւնքը կրկնելու պարագային, ան իրաւունք կը ստանայ մասնակցելու ողիմպիականի խաղերուն: Այս մասին կը յայտնէ ArmSport.am-ը: Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի լրատուական լրագրողին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականին գլխաւոր...

Պաշտօնապէս 8 Թեկնածու` «ՖԻՖԱ»-ի Նախագահի Պաշտօնին Համար

  26 փետրուար 2016-ին Ցիւրիխի մէջ (Զուիցերիա) գտնուող «ՖԻՖԱ»-ին կեդրոնատեղիին մէջ տեղի պիտի ունենան «ՖԻՖԱ»-ի նախագահական ընտրութիւնները: Թեկնածութեան վերջին պայմանաժամը (26 հոկտեմբեր) աւարտած ըլլալով, պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ 8 անձեր առաջադրուած են այդ պաշտօնին համար պայքարելու: «ՖԻՖԱ»-ի նախագահի պաշտօնին համար, պայքարը պիտի ընթանայ հետեւեալ 8 անձերուն միջեւ. «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախագահ` Միշել Փլաթինի «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի ընդհանուր քարտուղար` Ճիաննի...

Ալպերթ Մինասեան. «Մեր Տիրացած Մետալները Մեր Աշխատանքին Արդիւնքին Փաստն Են»

Վիլնիուսի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի քարաթէի ախոյեանութեան Հայաստանի ներկայացուցիչները տիրացան 13 մետալի` արձանագրելով բացառիկ արդիւնքներ: Այս մասին կը յայտնէ ArmSport.am-ը: Այս ախոյեանութեան, իրենց մասնակցութիւնը բերին 23 երկիրներու 650 մարզիկներ: Իր խօսքին մէջ Հայաստանի քարաթէի ֆետերասիոնին փոխնախագահ` Ալպերթ Մինասեան ըսաւ. «Քարաթէն, Հայաստանի մէջ մեծ զարգացում կ՛ապրի: Մենք գոհ ենք մեր արդիւնքներէն: Մետալները փաստ են մեր աշխատանքին արդիւնքին»: Իսկ Հայաստանի ազգային ողիմպիական...

Պասքեթպոլ. Լիբանանի 16 Տարեկանէն Վար Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Ինտոնեզիա

PROFOTO Երէկ յետմիջօրէին Լիբանանի տղոց 16 տարեկանէն վար ազգային խումբը մեկնեցաւ Ինտոնեզիա` հոն իր մասնակցութիւնը բերելու 29 հոկտեմբերէն 7 նոյեմբերին տեղի ունենալիք Ասիոյ պասքեթպոլի կրտսերներու ախոյեանութեան: Լիբանան, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, յաջորդաբար պիտի մրցի Ինտոնեզիոյ (հինգշաբթի), Թայուանի (ուրբաթ) եւ Պանկլատեշի (շաբաթ) դէմ: Նշենք, որ Ասիոյ ցամաքամասէն, 3 երկիրներու ազգային խումբերը կ՛ապահովեն աշխարհի ախոյեանութեան աւարտականին իրենց տոմսը: Ինտոնեզիա մեկնած...

Արման Վահանեան. «Ախոյեանութիւնը Առիթ Մը Պիտի Ըլլայ, Ձեւաւորելու Հայաստանի Հաւաքականը»

ArmSport.am հայկական լրատու գործակալութեան համաձայն, նախորդ շաբաթավերջին Գիւմրիի լողաւազանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի պատանեկան ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ շուրջ 150 լողորդներու: Անդրադառնալով այս ախոյեանութեան` Հայաստանի պատանեկան հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ Արման Վահանեան Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքին կատարած է հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Այս ախոյեանութիւնը մեզի կարելիութիւն պիտի տայ ընտրելու լաւագոյն պատանի լողորդները եւ ձեւաւորելու Հայաստանի հաւաքականը: Ընտրուած լողորդները դեկտեմբերին, Եգաթերինպուրկի մէջ պիտի մասնակցին...

Page 1169 of 1275 1 … 1,168 1,169 1,170 … 1,275

Արխիւներ