Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Պորուսիա Տորթմունտ 7-1 արդիւնքով ջախջախեց իր մրցակիցը` Փատերպոռնը, որ մաս կը կազմէ Բ. դասակարգին:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան մասնակցեցաւ այս մրցումին` իր ստացած վնասուածքէն ետք ապաքինած ըլլալով:
Հայ ֆութպոլիստը, որ մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին, Լուքաս Փիշչեքի նշանակած կոլին փոխանցումը կատարեց, իսկ 89-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կազմին 7-րդ կոլը: