Լիբանանի տղոց կրտսերներու պասքեթպոլի ազգային խումբը, որ Ինտոնեզիոյ մէջ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ասիոյ 16 տարեկանէն վար ախոյեանութեան, երէկ արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` 83-55 արդիւնքով ջախջախելով հիւրընկալ երկիրը` Ինտոնեզիան:
Լիբանանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Սելիմ Ալաէտտին (16 կէտ), ապա` Քերիմ Զէյնուն (15):
Այսօր Լիբանան կը կատարէ իր երկրորդ մրցումը` Թայփէի դէմ: