
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանը սկսաւ երէկ` չորեքշաբթի, 28 հոկտեմբերին, երբ տեղի ունեցան երեք մրցումներ:
Շիքակօ Պուլզ, որ ճակատեցաւ Քլիվլենտ Քաւալիրզին դէմ, տարեշրջանը սկսաւ պարտութեամբ, երբ երկու կէտի տարբերութեամբ տեղի տուաւ իր մրցակիցին դիմաց` 97-95 արդիւնքով:
Լեպրըն Ճէյմզ (Պուլզ) նշանակեց մրցումին եւ իր կազմին ամէնէն աւելի կէտը (25):
Մրցումէն ետք Ճէյմզ յայտնեց, որ իրեն համար այս մրցումը եղաւ նշանակալից, որովհետեւ ան իր ներկայացումը կատարեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի դիմաց, որ մրցումին ներկայ էր, որպէս Պուլզի համակիր:
Տիթրոյիթ Փիսթընզ 106-94 արդիւնքով յաղթեց Աթլանթա Հոքսի, մինչ երրորդ եւ վերջին մրցումին Նիւ Օրլինզ պարտութեան մատնեց Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզը` 111-95 արդիւնքով:

Յաղթական կազմին մարզիկներէն Սթեֆըն Քարի նշանակեց 40 կէտ, մինչ Անթոնի Տէյվիս (Ուորիըրզ)` 18 կէտ:
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Օրլանտօ Մեճիք – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ
Պոսթըն Սելթիքս – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ
Պրուքլին Նեթց – Շիքակօ Պուլզ
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Եութա Ճեզ
Մայեմի Հիթ – Շարլոթ Հորնեթց
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Ինտիանա Փէյսըրզ
Հիուսթըն Ռոքեթց – Տենվըր Նակեթց
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Քլիվլենտ Քաւալիրզ
Միլուոքի Պաքս – Նիւ Եորք Նիքս
Օքլահոմա Սիթի – Սան Անթոնիօ Սփըրզ
Ֆէոնիքս Սանզ – Տալաս Մավըրիքս
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Նիւ Օրլինզ
Սաքրամենթօ Քինկզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Մինեսոթա Վուլվզ