Հայաստանի ճատրակի ախոյեան Կարէն Գրիգորեան հաւաքականին կազմին հետ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Եւրոպայի խմբային ախոյեանութեան: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը:
Իսլանտայի մայրաքաղաք Ռէյքիաւիքի մէջ 12-22 նոյեմբերին տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի խմբային ախոյեանութիւնը, կը յայտնէ ArmSport.am-ը:
Տղոց հաւաքականին մաս կը կազմեն Լեւոն Արոնեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Սերկէյ Մովսիսեան, Հրանդ Մելքումեան եւ Հայաստանի գործող ախոյեան` Կարէն Գրիգորեան, որ առաջին անգամն ըլլալով հանդէս կու գայ հաւաքականին կազմին հետ:
Իսկ աղջկանց հաւաքականին մաս կը կազմեն Էլինա Դանիէլեան, Լիլիթ Մկրտչեան, Լիլիթ Կալոյեան, Մարիա Քուրսովա եւ Սուզաննա Կապոյեան:
ArmSport.am կ՛եզրափակէ, որ խմբային այս ախոյեանութիւնը բաղկացած է 9 հանգրուաններէ, իսկ անոր կը մասնակցին 35 խումբեր: