
Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքին Դ. հանգրուանի մրցումները այդքան ալ նպաստաւոր չեղան լոնտոնեան խումբերուն համար` նկատի ունենալով, որ անոնք պարտութիւն կրելով դուրս մնացին մրցաշարքէն:
Տիտղոսակիր Չելսի` շարունակելով իր ձախողութիւններու շարքը, այս անգամ դուրս մնաց մրցաշարքէն, երբ փենալթիներով` 5-4 արդիւնքով պարտուեցաւ Սթոք Սիթիէն (մրցումին 120 վայրկեանները աւարտեցան 1-1 արդիւնքով):
Բ. դասակարգին մաս կազմող Շեֆիլտ Ուենզտէյ ֆութպոլի լաւ դաս մը տուաւ Արսենալին` արձանագրելով 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: