ArmSport.am հայկական լրատու գործակալութեան համաձայն, նախորդ շաբաթավերջին Գիւմրիի լողաւազանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի պատանեկան ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ շուրջ 150 լողորդներու:
Անդրադառնալով այս ախոյեանութեան` Հայաստանի պատանեկան հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ Արման Վահանեան Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքին կատարած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Այս ախոյեանութիւնը մեզի կարելիութիւն պիտի տայ ընտրելու լաւագոյն պատանի լողորդները եւ ձեւաւորելու Հայաստանի հաւաքականը: Ընտրուած լողորդները դեկտեմբերին, Եգաթերինպուրկի մէջ պիտի մասնակցին Ալեքսանդր Փափովի անուան մրցաշարքին: Լողարշաւը կը զարգանայ Հայաստանի մէջ եւ կը շարունակէ յառաջխաղացք արձանագրել: Այս տարի պատանի աղջիկներուն կողմէ հաստատուեցաւ հայաստանեան երեք մրցանիշ, ունինք լաւ սերունդ մը եւ կրնանք այս մարզաձեւը զարգացնել»:
Նշենք, որ այս ախոյեանութեան, իրենց մասնակցութիւնը բերին Երեւանը, Գիւմրին եւ Վանաձորը ներկայացնող լողորդներ: