Վիլնիուսի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի քարաթէի ախոյեանութեան Հայաստանի ներկայացուցիչները տիրացան 13 մետալի` արձանագրելով բացառիկ արդիւնքներ: Այս մասին կը յայտնէ ArmSport.am-ը:
Այս ախոյեանութեան, իրենց մասնակցութիւնը բերին 23 երկիրներու 650 մարզիկներ:
Իր խօսքին մէջ Հայաստանի քարաթէի ֆետերասիոնին փոխնախագահ` Ալպերթ Մինասեան ըսաւ. «Քարաթէն, Հայաստանի մէջ մեծ զարգացում կ՛ապրի: Մենք գոհ ենք մեր արդիւնքներէն: Մետալները փաստ են մեր աշխատանքին արդիւնքին»:
Իսկ Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը այս ախոյեանութեան արծաթէ մետալակիր Նարեկ Իսքանտարեանի խօսքերը մէջբերելով` կը յայտնէ.
«Եւրոպայի ախոյեանութենէն վերադարձանք 13 մետալով` 2 ոսկի, 3 արծաթ եւ 8 պրոնզ: Կրնամ ըսել, որ այս անգամ աւելի լաւ ձեւով հանդէս եկանք: 7 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ` Հայկ Աստուածատուրեան, տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելով, դարձաւ Եւրոպայի բաժակակիր»: