
Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, նախորդ շաբաթավերջին անոր կեդրոնատեղիին մէջ (Քասլիք), տեղի ունեցաւ Աքուաթլոնի 2-րդ տարեկան մրցումը (վազք եւ լողարշաւ), հակառակ կլիմայական աննպաստ պայմաններուն:
10-14 եւ 15-18 տարեկան դասակարգերուն մէջ (տղաք եւ աղջիկներ) տեղի ունեցան 400 մեթր լողարշաւի եւ 2.5 քմ վազքի մրցումները: Իսկ, 19-39 եւ 40 տարեկան եւ վեր դասակարգերուն մէջ` 1.9 քմ լողարշաւի, 1,5 վազքի եւ ապա` դարձեա՛լ 7.5 քմ վազքի մրցումները:
Այս Աքուաթլոնին տիրական ներկայութիւն ունեցաւ ՀՄԸՄ-ը:
19-39 տարեկան դասակարգին մէջ, Մ. Պաղտատի ՀՄԸՄ-ին ապահովեց առաջնութիւնը` արձանագրելով 48′ 19″ արդիւնք մը:
40 տարեկան եւ վեր դասակարգին մէջ Րաֆֆի Շիրինեան հանդիսացաւ առաջին (1 ժամ 08′ 23″):
Խմբային մրցումներուն մէջ ՀՄԸՄ դարձեալ տիրացաւ առաջնութեան, երբ Ռիշար Սուայպի – Անթոնի Սուայպի զոյգը հանդիսացաւ առաջին (48′ 03″):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը, ներկայութեամբ` Լիբանանի Թրիաթլոնի ֆետերասիոնին նախագահ Մահմուտ Տիպի եւ գանձապահ` Պետիկ Լոճիկեանի: