ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի տղոց պասքեթպոլի ազգային հաւաքականը առաջին անգամ ըլլալով իր մասնակցութիւնը կը բերէ Եւրոպայի փոքր երկիրներու 2016-ի ախոյեանութեան:
Այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ յուլիս 2016-ին:
Եւրոպայի փոքր երկիրներու ախոյեանութեան մասնակցելու իրաւունք ունին հետեւեալ 11 երկիրները:
Հայաստան, Անտորրա, Ազրպէյճան, Ճիպրալթար, Մալթա, Մոլտովա, Մոնաքօ, Նորվեկիա, Սան Մարինօ, Սկովտիա եւ Կալես:
Մրցաշարքին կայացման վայրը եւ մասնակցող երկիրներուն վերջնական ցանկը կը յստականան 22 յունուար 2016-ին, կը յայտնէ Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը: