
Երէկ յետմիջօրէին Լիբանանի տղոց 16 տարեկանէն վար ազգային խումբը մեկնեցաւ Ինտոնեզիա` հոն իր մասնակցութիւնը բերելու 29 հոկտեմբերէն 7 նոյեմբերին տեղի ունենալիք Ասիոյ պասքեթպոլի կրտսերներու ախոյեանութեան:
Լիբանան, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, յաջորդաբար պիտի մրցի Ինտոնեզիոյ (հինգշաբթի), Թայուանի (ուրբաթ) եւ Պանկլատեշի (շաբաթ) դէմ:
Նշենք, որ Ասիոյ ցամաքամասէն, 3 երկիրներու ազգային խումբերը կ՛ապահովեն աշխարհի ախոյեանութեան աւարտականին իրենց տոմսը:
Ինտոնեզիա մեկնած պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Ալէն Սայեղ: