Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 11-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Չելսի – Լիվըրփուլ ճակատումը վերջ գտաւ երկրորդին Լիվըրփուլի յաղթանակով, 3-1 արդիւնքով:
Թէեւ Չելսի ինք բացաւ մրցումին հաշիւը` շնորհիւ Ռամիրեսի նշանակած կոլին (4-րդ), սակայն Լիվըրփուլ պատասխանեց երեք անգամ` շնորհիւ Ֆիլիփ Քունինիոյի (45-րդ եւ 74-րդ) եւ Քրիսթիան Պենթեքէի (83-րդ):
Մանչեսթըր Սիթի 2-1 արդիւնքով յաղթեց Նորուիչի, մինչ Արսենալ` Սուանզիի, 3-0 արդիւնքով:
Մանչեսթըր Եունայթըտ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Քրիսթալ Փալասի հետ:
Թէեւ այժմ Սիթի եւ Արսենալ ունին 25-ական կէտ, սակայն կոլ-էվըրէյճի առաւելութեամբ Սիթի կը գրաւէ առաջին դիրքը: