Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 11-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, ախոյեան Պայէրն Միւնիխ կորսնցուց տարեշրջանի իր առաջին երկու կէտը, յաջորդական 10 յաղթանակներէ ետք:
Իր կատարած մրցումին, Պայէրն 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Այնթրախթ Ֆրանքֆորթի դաշտին վրայ, այս հանգրուանին բացման մրցումին:
Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, Պայէրն այժմ 5 կէտով միայն կը գերազանցէ Պորուսիա Տորթմունտը, որ 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Վերտըր Պրեմընի դաշտին վրայ:
Տորթմունտի այս յաղթանակը կերտողը բառին բուն իմաստով հանդիսացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ 44-րդ վայրկեանին կոլ մը նշանակելէ բացի, նշանակուած մնացեալ երկու կոլերուն փոխանցումները կատարեց իր խմբակիցին` Մարքօ Ռէօյսին (9-րդ եւ 72-րդ):
Վոլֆսպուրկ (3-րդ), որ 5 կէտի տարբերութեամբ ետ կը մնայ Տորթմունտէն 2-1 արդիւնքով յաղթեց Պայէր Լեւերքուզընին: