Երէկ սկսաւ Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանը, ՀՄԸՄ Պէյրութ – Սփորթ Ֆիլ բացման մրցումով, որ տեղի ունեցաւ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ, Մար Ռուքոզ:
ՀՄԸՄ Պէյրութ յաղթանակով սկսաւ նոր տարեշրջանը, երբ 8-2 արդիւնքով (կիսախաղ` 5-0) պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը:
Վաղը` կիրակի, 1 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, մրցում ունի կատարելիք նաեւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ Սատի դաշտին վրայ իր դէմ պիտի ունենայ Ժամիհաթ Ալամիէն:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտէն եւս վաղը յաղթանակ կ՛ակնկալուի: