Լիբանանի տղոց կրտսերներու ազգային խումբը (16 տարեկան), որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ասիոյ կրտսերներու 16 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մրցումներուն, երէկ 94-86 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Թայուանէն:
Բ. խմբակին մաս կազմող Լիբանան, որ իր կատարած առաջին մրցումին յաղթած էր հիւրընկալ երկրին` Ինտոնեզիոյ, այսօր կը կատարէ Ա. հանգրուանի իր վերջին մրցումը` Պանկլատեշի դէմ:
Երէկուան մրցումին Լիբանանէն Սալիմ Ալաէտտին նշանակեց 30 կէտ, իսկ անոր խմբակից Քարիմ Զէյնուն` 21 կէտ եւ 10 ռիպաունտ: