Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Կրեց Տարեշրջանի Իր Առաջին Պարտութիւնը Ախա Ահլի Ալէյէն` 2-1 Արդիւնքով

Նոյեմբեր 2, 2015
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, շաբաթ, 31 հոկտեմբերին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կատարեց տարեշրջանի իր երրորդ մրցումը, իսկ երկրորդը` Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, հիւրընկալելով Ախա Ահլի Ալէյը: Վերջինս նախքան շաբաթ օրուան իր մրցումը կատարելը, արձանագրած էր յաղթանակ մը եւ կրած պարտութիւն մը, մինչ ՀՄԸՄ` երկու հաւասարութիւն:

Թէեւ ՀՄԸՄ Ա. կիսախաղը աւարտեց 0-0 հաւասարութեամբ, սակայն մրցումին 32-րդ վայրկեանին Յակոբ Տօնապետեան կոլ նշանակելու ստոյգ առիթ մը ունեցաւ, բայց մրցակից կազմին բերդապահը զսպեց անոր հարուածը:

Բ. կիսախաղին սկիզբը (50-րդ վայրկեանին), Ճոնի Քոնճեան կոլ նշանակելու բաւական լաւ առիթ մը ունէր, սակայն անոր հարուածը` մրցակից կազմին բերդին մօտ, ելաւ բերդէն բաւական բարձր:

Կորսուած այս առիթէն քանի մը վայրկեան ետք յարձակում մը կազմակերպելով, Ալէյ շնորհիւ սերպ ֆութպոլիստ Միլանի, նշանակեց կոլ մը: Այս կոլէն 4 վայրկեան ետք, Ախա Ահլի Ալէյ նշանակեց այլ կոլ մըն ալ` շնորհիւ Մոհամետ Ռամմալի, արդիւնքը վերածելով 2-0-ի:

71-րդ վայրկեանին ՀՄԸՄ ձեռք ձգեց փենալթի մը, զոր վարպետութեամբ կոլի վերածեց հայրենի ֆութպոլիստ Գէորգ Օհանեան:

Այսպիսով, ՀՄԸՄ կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը եւ մնաց 2 կէտով միայն` առաւելագոյն 9 կէտէն:

Եթէ ՀՄԸՄ ստեղծեց կոլ նշանակելու շուրջ հինգ առիթ, անդին մրցակից կազմին յարձակումները եղան աւելի շատ եւ վտանգաւոր:

Ինչ կը վերաբերի Ալէյի պաշտպանողականին, անոր մարզիկները թոյլ չէին տար, որ օդէն եկած գնդակները մօտենան իրենց բերդին:

Այժմ ՀՄԸՄ կրած է տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը:

Կը մնայ սրբագրել այն սխալները, որոնք կը գտնուին, յառաջիկային դարձեալ ձախողութեան չմատնուելու համար:

Իսկ ինչ կը վերաբերի ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն, անոնք իրենց տրամադրուած թրիպիւնը ամբողջութեամբ լեցնելով քաջալերեցին իրենց կազմը` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ:

Այս հանգրուանին տեղի ունեցած մնացեալ մրցումներուն ծիրին մէջ, Իսլահ Պըրժ Շիմալի Թրիփոլիի մէջ 9-0 արդիւնքով ջախջախեց Ռիատա Ուալ Ատապը, Շեպիպեթ Մազրաա 1-0 արդիւնքով յաղթեց Հիլալ Հարեթ Նաամէի, մինչ Ամալ Մաարաքէ – Մապարրա մրցումը աւարտեցաւ 1-1 հաւասարութեամբ:

Ստորեւ` դասաւորումը

 Յ.Հ.Պ.ՆՇ.ՍՏ.ԿԷՏ
1.- Թատամոն Սուր3001409
2.- Ահլի Նապաթիէ201816
3.- Շեպիպեթ Մազրաա201636
4.- Ախա Ահլի Ալէյ201336
5.- Ռիատա Ուալ Ատապ110424
6.- Մապարրա111324
7.- Իսլահ Պըրժ Շիմալի110214
8.- Ամալ Մաարաքէ111454
9.- ՀՄԸՄ021232
10.- Հիլալ Հարեթ Նաամէ021122
11.- Ահլի Սայտա003080
12.- Ումմալ Թրիփոլի0031180
Նախորդը

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Հաւասարութեամբ Սկսաւ Նոր Տարեշրջանը

Յաջորդը

Փինկ Փոնկ. Լարա Քեչեպաշեան Հանդիսացաւ Երկրորդ

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Յաղթանակով (90-80) Սկսաւ Տարեշրջանը
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Յաղթանակով (90-80) Սկսաւ Տարեշրջանը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ճիւտօ.  Արզումանեան Ընտանիքէն Երկու Անդամներ Մետալներ Շահեցան
Մարզական

Ճիւտօ. Արզումանեան Ընտանիքէն Երկու Անդամներ Մետալներ Շահեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Բռնցքամարտ.  Օթար Երանոսեան Ախոյեան
Մարզական

Բռնցքամարտ. Օթար Երանոսեան Ախոյեան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?