
Սպանական մամուլին համաձայն, Պարսելոնայի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել 21 նոյեմբերին Ռէալ Մատրիտի դէմ տեղի ունենալիք «Քլասիքօ»-ի մրցումին:
Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբին խմբապետը մինչեւ այդ օրը ապաքինած պիտի չըլլայ` «Սանթիակօ Պեռնապէօ» մարզադաշտին վրայ արքայական ակումբին դէմ տեղի ունենալիք ճակատումին մասնակցելու համար:
Նշենք, որ Մեսսի ծունկի վնասուածք ստացաւ 26 սեպտեմբերին` Լաս Փալմասի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի մրցումին:


