ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի տղոց պասքեթպոլի 20 տարեկանէն վար հաւաքականը դարձեալ ելոյթ պիտի ունենայ Եւրոպայի 2016-ի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան:
Թէեւ այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 16-24 յուլիս 2016-ին, սակայն անոր կայացման վայրը եւ մասնակցող երկիրներուն անունները ցարդ անորոշ են:
Նշենք, որ Հայաստան 2-րդ անգամ ըլլալով կը մասնակցի Եւրոպայի ախոյեանութեան:
Առաջին անգամ (այս տարի), հայրենի կազմը կատարելով 7 մրցում, արձանագրեց 3 յաղթանակ եւ 18 խումբերու մէջ գրաւեց 12-րդ դիրքը:
Ներկայիս Հայաստան Եւրոպայի երիտասարդական դասաւորման մէջ կը գրաւէ 29-րդ դիրքը: