
Կլասքոյի մէջ (Սկովտիա) տեղի ունեցող մարմնամարզութեան աշխարհի ախոյեանութեան Հայաստանը ներկայացնող Յարութիւն Մերդինեան 15.500 արդիւնք մը արձանագրելով գրաւեց 3-րդ դիրքը եւ տիրացաւ պրոնզ մետալին:
ArmSport.am կը յայտնէ, որ զտումի հանգրուանին Հայաստան 2-րդ էր:
Նշենք, որ պրոնզէ մետալին տիրանալէ բացի, Յարութիւն Մերդինեան ողիմպիական խաղերուն տոմս ալ ապահովեց:


