Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանին արդիւնքներուն լոյսին տակ, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած ժողովին ընթացքին որոշեց 5 մրցումով կախակայել Շիրակ Գիւմրիի մարզիչ Արարատ Յարութիւնեանը:
Ֆետերասիոնին որոշումով, Շիրակ ենթարկուեցաւ 100 հազար դրամի տուգանքի:
Այս երկու պատիժներուն պատճառը այն է, որ Փիւնիկի դէմ տեղի ունեցած մրցումին իրաւարարին հասցէին լուտանքներ արձակուած էին: