Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ՖԻՖԱ-ն յայտարարեց, որ Ռէալ Մատրիտ եւ Աթլեթիքօ Մատրիտ մարզիկներու փոխանցման գծով իրաւունք չունին երկու ժամանակամիջոցի (այսինքն` մարզիկներու փոխանցման սակարանին մէջ) մարզիկներ միացնել իրենց կազմերուն, որովհետեւ անոնք խախտած են օրէնքը, որ անոնց չէր թոյլատրեր 18 տարեկանէն վար ոչ սպանացի մարզիկներ միացնել իրենց կազմերուն:
Ասիկա կը նշանակէ, որ անոնք մինչեւ յուլիս 2017 որեւէ մարզիկ չեն կրնար միացնել իրենց կազմին, կ՛աւելցնէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
Ասկէ բացի, անոնք նաեւ տուգանքի ալ ենթարկուեցան: