Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի – ՀՄԸՄ. Վաղը` Սաժես – Պիպլոս

January 16, 2016
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter
ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը
ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այս շաբաթավերջին տեղի կ՛ունենան հետաքրքրական երկու ճակատումներ:

Այսօր` շաբաթ, ՀՄԸՄ իր մրցումը կը կատարէ Մանարայի մէջ, ժամը 16:00-ին` հիւրը ըլլալով Ռիատիի:

Իսկ վաղը դարձեալ ժամը 16:00-ին, Ղազիրի դաշտին վրայ Սաժես կը հիւրընկալէ Պիպլոսը:

ՀՄԸՄ ցարդ կատարած երեք մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրած է, Ռիատի եւս, որ ցարդ կատարած է երկու մրցում, արձանագրած է նոյնքան յաղթանակ:

Նկատի ունենալով, որ ախոյեանութեան մասնակցող խումբերուն թիւը անզոյգ է, իւրաքանչիւր խումբ մէկ հանգրուան մրցում չունի կատարելիք:

Այսօրուան այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի յաղթանակը կը նկատուի անհրաժեշտ` սկսած յաղթարշաւը շարունակելու համար:

Մարզիչին ցուցմունքներուն լաւապէս հետեւիլը եւ դաշտին վրայ խմբային խաղաոճ կիրարկելը այսօր առաջնահերթ կը նկատուին ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն համար:

ԵՐԷԿ գիշեր, 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Մութթահետ, որ Թրիփոլիի մէջ հիւրընկալեց Լուէյզին, 73-68 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց (17-18, 31-30, 48-47 եւ 73-68):

Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Լուէյզիի մարզիկներէն Լուիս Վենտալ (24 կէտ): Մութթահետէն Ռիշոն Թերի նշանակեց 21 կէտ:

Նշենք, որ այս պարտութիւնը Լուէյզիի համար եղաւ յաջորդական չորրորդը:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 13-0 Արդիւնքով Ջախջախեց Մաթարը

Յաջորդը

Նշմար. Չորրորդ Յաղթանակին Ականատես Ըլլալու Մեծ Ակնկալութեամբ

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.