
PROFOTO
Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, երէկ Հուփս Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ հիւրընկալեց Թատամոնը:
Հուփս, որ կրած էր երկու պարտութիւն, արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը` 75-55 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հիւրը (14-20, 28-31, 47-44 եւ 75-55):
Ինչ կը վերաբերի Թատամոնի, որ արձանագրած էր երկու յաղթանակ, կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը:
Հուփսէն Ալի Մըզհեր 22 կէտ նշանակեց, մինչ անոր խմբակից Անթուան Պարպուր` 21 կէտ:
Մըզհերի նման նոյնքան կէտ նշանակեց Թատամոնի մարզիկներէն Պրանքօ Սվեթքովիչ, մինչ անոր խմբակից Վլատան Վուքոսակիեւիչ բաւականացաւ 11 կէտով:
Այսօր Սաֆատի մարզահամալիրին մէջ (Թրիփոլի) Մութթահետ կը հիւրընկալէ Լուէյզին:


