
«Պունտըսլիկա»-ի պաշտօնական կայքը քուէարկութեամբ ընտրեց առաջին կէսին (երթի մրցումներուն) խորհրդանշական հաւաքականը:
Աջ միջնապահի դիրքին քուէարկութեան դրուած էին Հենրիխ Մխիթարեանի, Լըրոյ Սանէի (Շալքէ), Քինկսլի Քոմանի (Պայէրն Միւնիխ) եւ Ռաուլ Պոպատիլիայի (Օկզպուրկ) անունները:
Մխիթարեանի ի նպաստ քուէարկեց մասնակիցներուն 62 առ հարիւրը: Այս արդիւնքին շնորհիւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ Պորուսիա Տորթմունտի միջնապահը ընդգրկուեցաւ այդ խորհրդանշական հաւաքականին մէջ:


