Իր անդամներուն մեծամասնութեան ներկայութեան, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը իր գումարած ժողովին տուաւ շարք մը որոշումներ:
Ֆետերասիոնը իր հաւանութիւնը տուաւ Նատուա Քամաթիէին, որ իր մասնակցութիւնը բերէ 2-12 փետրուարին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ տեղի ունենալիք Արաբական 3-րդ աղջկանց խաղերուն:
Յայտարարուեցաւ, որ մարզիկներու փոխանցման վերջին օրն է 15 յունուարը, որմէ ետք մարզիկներու փոխանցումները կը դադրին: Պայման է սակայն, որ անոնց ակումբները, ֆետերասիոնին վճարած ըլլան 2016-ի տարեկան ցենզը:
Որոշուեցաւ, որ շաբաթ, 23 յունուարին ֆետերասիոնը գումարէ յատուկ նիստ մը` քննարկելու համար 2015-ի կատարուածները, ինչպէս նաեւ հրապարակէ 2016-ին տեղի ունենալիք իր յայտագիրը:
Ամբողջացնելէ ետք իր թղթածրարը, ներքին ապահովութեան ուժերու ակումբը միացաւ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի ընտանիքին:


